Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Եղբայրը եւ Անոր Զաւակները Ապօրինի Հարստացման Գործով Կասկածեալներ

Սերժ Սարգսեանի Եղբայրը եւ Անոր Զաւակները Ապօրինի Հարստացման Գործով Կասկածեալներ

by MassisPost

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը եւ անոր զաւակներն ապօրինի հարստացման եւ յայտարարագրման ենթակայ գոյքը թաքցնելու գործով ներգրաւուած են որպէս կասկածեալներ:

Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՀՔԾ), Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Լիովա Սարգսեանը եւ անոր դուստրը՝ Անի Սարգսեանը կը կասկածուին ապօրինի հարստացման եւ յայտարարագրման ենթակայ գոյքը թաքցնելու մէջ, իսկ Սարգսեանի որդին՝ Նարեկ Սարգսեանը՝ միայն ապօրինի հարստացման մէջ:

Սերժ Սարգսեանի եղբօր եւ անոր զաւակներուն համար իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը երկրէն չհեռանալու մասին:

Ուշագրաւ է, սակայն, որ Լիովա Սարգսեանն այս պահին երկրէն դուրս է: Անոր օգնականն «Ազատութեան» փոխանցած է, որ Սարգսեանն արդէն 12 օր է Հայաստանէն կը բացակայի։ Այդ պարագային պարզ չէ, թէ ինչպէ՞ս ան ստորագրութիւն տուած է՝ երկրէն չհեռանալու մասին։

Յիշեցնենք՝ ապօրինի հարստացման յօդուածով մեղադրուած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչական Ղազարեանը, որ ի տարբերութիւն Սերժ Սարգսեանի եղբօր եւ եղբօր զաւակներուն, ձերբակալուեցաւ, ապա աւելի ուշ կալանաւորուեցաւ ։

Այն, որ ապօրինի հարստացման եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի թիրախ յայտնուած են նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մերձաւորները, իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը բնական կը համարէ, քանի որ, ինչպէս ժամանակին Սերժ Սարգսեանը կը յորդորէր իրաւապահ մարմիններուն, պէտք է գլուխէն բռնել, եւ այժմ այդպէս ալ կ’ընեն:

Հարցին, թէ արդեօք կը կարծէ, որ գործը կրնայ հասնել անձամբ Սերժ Սարգսեանին, Սաքունցը պատասխանած է․ – «Ես շատ կը զարմանամ, եթէ չհասնի Սերժ Սարգսեանին: Եթէ չհասնի, այդ դէպքում ինձ մօտ շատ աւելի լուրջ հարցեր կ’առաջանան»:

Արթուր Սաքունցը նշած է, որ պէտք է ընթացք տրուի նաեւ տարիներ շարունակ Սերժ Սարգսեանի միւս եղբօր՝ Ալեքսանտր Սարգսեանին վերագրուող մեղադրանքներուն, մասնաւորապէս պիզնես խլելու դէպքերուն, որոնց վերաբերեալ, ըստ իրաւապաշտպանին, յստակ փաստեր կան․ – «Ես կարծում եմ, որ այդ «50-50»-ի զոհերը պէտք է հիմա խօսեն: Որովհետեւ ապօրինի հարստացման արդէն մի մասը պայմանաւորուած է ոչ թէ պետական պիւտճէի ռեսուրսների իւրացմամբ, այլ պայմանաւորուած է դաշտում գործող այլ գործարարների ունեցուածքը կամ եկամուտները իւրացնելու դէպքերով: Ես առնուազն մէկ դէպքի մասին տեղեակ եմ, որովհետեւ ոտնձգութեան թիրախների հետ խօսել եմ․ քրէական աշխարհի ներգրաւմամբ կասեցուել է այդ գործընթացը: Բայց որ ոտնձգութեան փաստը եղել է, դա փաստ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment