Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ջերմուկի եւ Գնդեվազի Բնակիչները Փակած են Ամուլսարի Հանքավայր Տանող Երեք Ճանապարհները

Ջերմուկի եւ Գնդեվազի Բնակիչները Փակած են Ամուլսարի Հանքավայր Տանող Երեք Ճանապարհները

by MassisPost

Ջերմուկ, Գնդեվազ եւ յարակից այլ համայնքներու խումբ մը բնակիչներ արդէն աւելի քան 10 օր փակ կը պահեն Ամուլսարի հանքավայր տանող երեք ճանապարհները:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ անոնք կը պնդէին, որ որեւէ այլընտրանքի պատրաստ չեն եւ բողոքը կը դադրեցնեն միայն Ամուլսարի գործունէութեան դադարեցման պարագային: Ցուցարարները յայտարարած են, որ թէեւ կը վստահին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան, սակայն ճանապարհները բանալու վերաբերեալ անոր կոչին պիտի չհետեւին, քանի որ իրենց պնդմամբ, Ամուլսարի հանքի գործունէութեան ամէն օրը կը վտանգէ իրենց բնութիւնը եւ անդառնալի հետեւանքներ առաջ կը բերէ։

«Ամուլսարի աշխատողները լաւագոյն բնապահպաններն են» ցուցապաստառով երէկ հանքի աշխատակիցները բողոքի ցոյցի դուրս եկած էին կառավարութեան շէնքի դիմաց՝ պահանջելով բանալ հանքավայր տանող ճանապարհները:

Ջերմուկ քաղաքի, ինչպէս նաեւ յարակից գիւղերու խումբ մը բնակիչներ ու բնապահպաններ արդէն 10 օր է փակ կը պահեն Ամուլսարի հանքավայր տանող ճանապարհները՝ պահանջելով դադրեցնել աշխատանքները հանքին մէջ:

amulsar-1

Երեւան եկած ցուցարարները նամակներ հասցէագրած էին վարչապետին՝ խնդրելով Նիկոլ Փաշինեանին անձամբ յորդորել աքթիւիստները դէպի հանք տանող ճանապարհները բանալու:

«Չեն թողում՝ 1400-1500 մարդ, որ աշխատումա, իրա հանապազօրեայ հացնա ստանում, էսօր գնացել նստելա տուն: Եթէ անօրինական ենք աշխատում, թող դրա լուծումը տան, եթէ օրինականա՝ ուրեմն բացեն ճանապարհները, ժողովուրդը գնան իրանց աշխատանքին», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ իրենց բողոքը ընդհանրացուց ցուցարարներէն մէկը:

Կ’ակնկալուէր, որ այս տարի պէտք է մեկնարկէր Ամուլսարի ոսկիի արդիւնահանման ծրագիրը: Բնապահպան աքթիւիստներն ու շարք մը հետազօտողներ մտահոգութիւններ յայտնած են ծրագրի վերաբերեալ, մինչդեռ հանքարդիւնահանման թոյլտուութիւն ստացած «Լիդիան» ընկերութիւնը կը ներկայացնէ փորձագիտական եզրակացութիւններ ու կը պնդէ՝ բարձրացած աղմուկն անտեղի է, «վախեր տարածելն ալ» չի բխիր ոչ մէկուն շահերէն:

«Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէնն ըսած է, որ այսօրուայ ցոյցի նպատակն էր նաեւ աջակցութիւն յայտնել Փաշինեանի կառավարութեան:

Յիշեցնենք «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին կատարած գրառմամբ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը խնդրած էր բանալ Ամուլսար տանող ճանապարհները, քանի որ արհեստական խոչընդոտներն անհարկի կը ձգձգեն խնդիրներու վերհանումը։

Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմնի նոր ղեկավարն ալ օրերս «Ազատութեան» ըսած է, որ կը պատրաստուին Հայաստանի հանքերուն մէջ իրականացուելիք ստուգումները սկսիլ Ամուլսարէն:

Վարչապետ Փաշինեանն ալ երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսած էր, որ Ամուլսարին վերաբերող յետագայ որոշումները պէտք է հիմնուած ըլլան անհերքելի փաստերու վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment