Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստան Կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը. Զախարովա

Ռուսաստան Կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան, 28 Յունիսին ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման հնարաւորութեան, ըսած է, թէ Ռուսաստանը կ’ողջունէ այդ հանդիպումը:

«Եթէ նման հանդիպում իրականացնելը համաձայնեցուի եւ տեղի ունենայ, ապա մենք կը ցանկանայինք լուրջ արդիւնքներ եւ լաւ մթնոլորտ», – ռուսական պետական ԹԱՍՍ գործակալութեան փոխանցմամբ, ըսած է Զախարովան, շարունակելով. – «Նման հանդիպում իրականացնելը հասունացած եւ անհրաժեշտ քայլ է՝ օրակարգի վրայ գտնուող խնդիրները լուծելու համար, այդ շարքին՝ երկու պետութիւններու միջեւ խնդիրները»։

Նշենք, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններն Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներու հետ հանդիպումներ դեռ չեն ունեցած:

Ատրպէյճանական APA գործակալութեան փոխանցմամբ, Զախարովան, պատասխանելով Պետդումայի նախագահի՝ Պաքուի մէջ ըրած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ  հայաստանցի լրագրողի հարցին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւս մէկ անգամ կոչ  ըրած է կառուցողական ըլլալ։

«Մի մտածէք, թէ մենք այդ մէկը չենք հասկանար։ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի հետ կապուած իւրաքանչիւր խօսքը հակամարտ կողմերէն իւրաքանչիւրին համար մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ։ Դուք գիտէք, մենք աւանդական մօտեցում ունինք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Այն պաշտօնական հիմնարար դիրքորոշում է, այն չի փոխուիր։ Մենք երկու երկիրներուն հետ կ’աշխատինք ՝արդիւնքի հասնելու համար։ Այդ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ մեր դերակատարութիւնը չենք համեմատեր Բաքուի եւ Երեւանի հետ, սակայն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը մեզի համար միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերէն մէկն է», – APA գործակալութեան փոխանցմամբ, ըսած է Զախարովան, նշելով. – «Ինչ կը վերաբերի յայտարարութիւններուն, անոնք կը հնչեցնեն քաղաքական գործիչները, տարբեր մակարդակի խորհրդարանականները, պատմաբանները, այդպիսի յայտարարութիւնները շատ են, այդ հարցի հետ կապուած կայ պաշտօնական դիրքորոշում եւ այն ձեզ յայտնի է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment