Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊԵԿ-ը Սերժ Սարգսեանի Եղբօր Ընտանիքին Առնչուող Նոր Քրէական Գործ Յարուցեց

ՊԵԿ-ը Սերժ Սարգսեանի Եղբօր Ընտանիքին Առնչուող Նոր Քրէական Գործ Յարուցեց

by MassisPost
«GLG Projekt Company»-ին Պետական Պիւտճէ Վերադարձուցած է 800 Միլիոն Դրամ

Կառավարութեանն առընթեր Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն (ՊԵԿ) հաղորդած է, որ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լիովա Սարգսեանի ընտանիքին առնչուող նոր քրէական գործ յարուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի կամ եկամուտի չյայտարարագրման եւ ապօրինի հարստացման յատկանիշներով:

Իր հաղորդագրութեան մէջ նշելով, որ «GLG Projekt Company» ընկերութեան վերաբերեալՊԵԿ-ի քննչական վարչութեան մօտ Քրէական օրէնսգիրքի 193-րդ («Կանխամտածուած սնանկութիւնը») եւ 205-րդ յօդուածի («Հարկը, տուրքը կամ պարտադիր այլ վճարը չվճարելը») 2-րդ մասի յատկանիշներով քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին պետական պիւտճէ վերադարձած է 800 միլիոն դրամ, ՊԵԿ-ի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը կը շարունակէ.

«Նախաքննութեան անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած՝ քրէական գործով խուզարկութիւն կատարուած է «GLG Projekt Company» ՍՊԸ բաժնետէր Նարեկ Սարգսեանի բնակութեան վայրին մէջ, որու ընթացքին յայտնաբերուած եւ  գրաւուած են անոր, իր հետ համատեղ բնակող հօր՝ Լիովա Ազատի Սարգսեանի և քրոջ՝ Անի Լիովայի Սարգսեանի անուամբ 2017 թուականի 2-րդ կիսամեակի ընթացքին որպէս աւանդ ՀՀ-ի մէջ գործող դրամատուներէն մէկուն մէջ ներդրուած շուրջ 6 միլիոն 800 հազար ԱՄՆ տոլար գումարով աւանդի պայմանագիրներ:

Պետական եկամուտներու կոմիտէ քննչական վարչութիւնը որոշում  կայացուցած է Քրէական օրէնսգիրքի 314.3-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ «յայտարարագրերուն մէջ կեղծ տուեալ ներկայացնելը կամ յայտարարագրման ենթակայ տուեալը թաքցնելը, որ յանգեցուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի կամ եկամուտի չյայտարարագրման», եւ 310.1-ին յօդուածի 1-ին յատկանիշներով՝ «ապօրինի հարստանալը», նոր քրէական գործ յարուցելու մասին: Այժմ կ’ընթանայ նախաքննութիւն:

Քրէական գործը յարուցուած է այս տարուան Մայիս 2-ին եւ Յունիս 18-ին՝ «ընկերութեան կողմէն անվճարունակութեան յատկանիշներ կանխամտածուած ստեղծելու եւ հարկն առանձնապէս խոշոր չափերով չվճարելու նպատակով՝ օրէնքով սահմանուած հաշուարկներուն մէջ ակնյայտ կեղծ տուեալ մտցնելու» դէպքի առթիւ:

Ինչպէս անցած շաբաթ հաղորդած էր ՊԵԿ-ը, նախաքննութեան ընթացքին պարզուած էր, որ ընկերութիւնը, իրականացնելով բազմագործածական շէնքի կառուցապատում, 2013-2017 թուականներուն իրականացուցած գործունէութեան ընթացքին պետական պիւտճէ վճարած է ընդամէնը 3 միլիոն 527 հազար դրամ, այն պարագային, երբ պետութեան նկատմամբ ընկերութեան ներկայացուցած հաշուետուութիւններով առաջացած է շուրջ 147 միլիոն դրամի հարկային պարտաւորութիւն, սակայն չէ վճարած եւ ընկերութիւնը տարած է սնանկացման»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment