Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Սփիւռքի Նախարարին Հետ

ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Սփիւռքի Նախարարին Հետ

by MassisPost

28 Յունիսին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին  ՍԴՀԿ Հայաստանի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեանը, քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Արմէն Մկրտիչեանը, արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Գեղամ Յարութիւնեանը, երիտասարդական թեւի պատասխանատու Արսէն Քուփէլեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Շխրտմեանը:

Վազգէն Մեսրոպեանը կուսակցութեան անունով շնորհաւորած է սփիւռքի երիտասարդ նախարարին պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ աւելցուցած. «Որպէս համահայկական կառոյց՝ մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք՝  պետութեան եւ նախարարութեան կողքին կանգնելու»:

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը կարեւորած է ՍԴՀԿ-ի ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնն աւելի կ’աշխուժանայ: Անդրադառնալով շնորհաւորանքներուն, ան նշած է, որ թաւշեայ յեղափոխութեան ամենամեծ նուաճումը իշխանութեան փոխանցումն է ժողովուրդին: «Յաղթանակը չի եղել ու չի լինելու քաղաքական անհատի կամ կառոյցի սեփականութիւն: Այն ոչ միայն Հայաստանում, այլեւ սփիւռքում ապրող իւրաքանչիւր հայի յաղթանակն է: Պէտք է պահենք այդ նուաճումը: Այս բարդ փուլում բոլորի աջակցութեան կարիքը կայ՝ հաւատով, համբերութեամբ, գործով: Այս յեղափոխութիւնը նաեւ արժէքների յեղափոխութիւն է, վերագտել ենք մեր հպարտութիւնը եւ մեր ուժերի նկատմամբ վստահութիւն ենք ձեռք բերել: Սփիւռքը համախմբելու, միասնական դարձնելու նոր ռազմավարութիւն է մշակուում: Մշակման փուլում է նաեւ հայրենադարձութեան տեսլականը, որը յստակ ազդակ է ոչ միայն մեր հայրենակիցներին, այլեւ ողջ աշխարհին: Պատրաստ ենք աշխատել սփիւռքի բոլոր կառոյցների ու անհատների հետ», – աւելցուցած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment