Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Քաթալոնիոյ Մէջ Հայկական Մաֆիայի 142 Անդամներ Ձերբակալուած են

Քաթալոնիոյ Մէջ Հայկական Մաֆիայի 142 Անդամներ Ձերբակալուած են

by MassisPost

Սպանիոյ ու Քաթալոնիոյ մի քանի բնակավայրերուն մէջ ոստիկանութեան համատեղ գործողութիւններու արդիւնքով հայկական մաֆիայի 142 անդամ ձերբակալուած է: Այս մասին կը գրեն քաթալոնական աղբիւրները:

Ձերբակալուածներու մեծ մասը Հայաստանի քաղաքացիներ են:

Աւելի վաղ այլ աղբիւրներ գրած էին, որ խօսքը խոշոր յանցաւոր խումբի մը մասին է, որուն անդամները Եւրոպա մեկնած են Հայաստանէն: Անոնք կապուած են թմրանիւթերու շրջանառութեան, զէնքի վաճառքի, ծխախոտի մաքսանենգութեան, փողերու լուացման, Եւրոպայի ողջ տարածքին մարզական խաղերու վրայ կատարած խաղադրոյքներու կաշառակերութեան ու այլ յանցագործութիւններու հետ:

Գործողութեան մասնակցած են աւելի քան հազար գործակալներ Mossos-էն ու ազգային ոստիկանութենէն: Կ’ենթադրուի, որ օրուան ընթացքին պիտի  ձերբակալուի 142 մարդ, որմէ 6-ը «օրէնքով գողեր»: Մատրիտի, Պարսելոնայի, Վալենսիայի ու այլ քաղաքներու մէջ պիտի իրականացուին 73 խուզարկութիւններ: Գործողութիւններուն մասնակցելու համար Սպանիա գործուղուած են նաեւ Ինթըրփոլի ու Եւրոփոլի գործակալներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment