Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Մէջ Կայացած Շքերթին Ալիեւ Դարձեալ Ռազմաշունչ Յայտարարութիւններ Ըրած Է

Պաքուի Մէջ Կայացած Շքերթին Ալիեւ Դարձեալ Ռազմաշունչ Յայտարարութիւններ Ըրած Է

by MassisPost

Պաքուի մէջ  տեղի ունեցած ռազմական շքերթի ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ըսած է, թէ Ատրպէյճանը կողմ է ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ կարգաւորման, միաժամանակ սպառնալով` Հայաստանը պէտք է հասկնայ, որ ատրպէյճանական բանակն «ի զօրու է ոչնչացնել ռազմական եւ ռազմավարական որեւէ դիրք»:

Ելոյթ ունենալով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստեղծման 100-ամեակին նուիրուած զինուորական շքերթին, Ալիեւը կրկնած է այն ամէնը, ինչ տարիներ շարունակ ըսած է Ղարաբաղի մասին. «Լեռնային Ղարաբաղը ատրպէյճանական տարածք է, Պաքուն երբեք չընդունիր Ղարաբաղի գրաւումը, Ատրպէյճանը պիտի վերականգնէ իր վերահսկողութիւնը Ղարաբաղի եւ յարակից գրաւեալ տարածքներուն մէջ» եւայլն: Ան յայտարարած է նաեւ, թէ Պաքուն պիտի շարունակէ զէնք գնել` բանակը ուժեղացնելու համար:

Ալիեւի խօսքով, աշխարհի մէջ հիմա կը գերիշխէ ոչ թէ միջազգային իրաւունքը, այլ ռազմական ներուժը: Եթէ միջազգային իրաւունքն աշխատէր, տարածքները շատոնց ազատուած կ’ըլլային, յայտարարած է Ալիեւը, աւելցնելով` պատերազմը չէ աւարտած, աւարտած է միայն առաջին փուլը: Ալիեւը «յաղթանակ» որակած է 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմն ու «2018 թուականի նախիջեւանեան գործողութիւնը», ըսելով, թէ այդ յաղթանակները «աւելի բարձրացուցին Ատրպէյճանի ժողովուրդի հայրենասիրական ոգին»:

Ռազմական շքերթին ներկայ գտնուած են աւելի քան մէկ տասնեակ երկիրներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, այդ շարքին` Պելառուսէն, Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Իսրայէլէն, Իրանէն, Վրաստանէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment