Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանի Դէմ Նոր Արշա՞ւ

Կարօ Փայլանի Դէմ Նոր Արշա՞ւ

by MassisPost

Թուրքիոյ՝ «Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ միաւորում»  (ASİMDER) կոչուած կազմակերպութիւնն իր դժգոհութիւնը յայտնած է  հայազգի գործիչ Կարօ Փայլանի՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր վերընտրուելու առնչութեամբ։

Ինչպէս կը փոխանցէ թրքական IHA գործակալութիւնը, կազմակերպութեան նախագահ Կիոքսէլ Կիւլպէյը հայազգի պատգամաւորին «ֆաշիսթ» անուանած է ու դժգոհած, որ ան իր պատգամաւորական մանդատը որպէս «անձեռնմխելիութեան վահան» կ’օգտագործէ։

Ան պնդած է, թէ Փայլանն «ամէն անգամ կը վիրաւորէ թուրք ժողովուրդը՝ մեղադրելով ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ, եւ հանդէս  կու գայ որպէս հայ լոպիստներու խօսնակ»։

Կիւլպէյն ուշադրութիւն դարձուցած է այն փաստին վրայ, որ Փայլան քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ է, եւ շեշտած է, որ այդ կուսակցութենէն անոր՝ որպէս պատգամաւոր ընտրուիլը վիրաւորանք է նաեւ քիւրտերու համար, որոնց մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նոյնպէս ժամանակին շեշտուած է Փայլանի կողմէն։

Աւելի վաղ հայազգի գործիչը թրքական լրատուամիջոցով տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար իր դէմ սկսած հետաքննութեան, Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածին ու «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի՝ թուրք ժողովուրդը վիրաւորած ըլլալ-չըլլալու խնդրին։

«Իրականութեան մէջ թրքութեան դէմ իսկական դաւաճանութիւն է Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքելը։ Կամ անունն ինչ կ’ուզէք դրէք՝ հայերու գլխուն եկած մեծ ողբերգութիւնը հերքելը դաւաճանութիւն է թուրքերու դէմ։ Այդ մեծ ողբերգութիւնը եղած է, հայերը ոչնչացուած են, ամբողջ աշխարհը գիտէ այդ մէկը։ Մենք Անատոլիոյ 1/5-րդն էինք, հիմա հազարի մէջ 1 տոկոսն անգամ չենք։ Մենք կորսնցուցած ենք մեր հազարաւոր եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային ժառանգութիւնը, ամէնը»,- ըսած էր Փայլան, նշելով, որ մերժողականութիւնն ու անով իսկ թուրքերուն որպէս պատմական իրողութիւնները հերքող անձ ճանաչելի դարձնելը վիրաւորանք ու անարդարութիւն է թուրք ժողովուրդի նկատմամբ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment