Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մանուէլ Գրիգորեանի Որդիին՝ Կարէն Գրիգորեանի Դէմ Մեղադրանք

Մանուէլ Գրիգորեանի Որդիին՝ Կարէն Գրիգորեանի Դէմ Մեղադրանք

by MassisPost

Երկրապահ Կամաւորական միութիւնն (ԵԿՄ) երէկ հրաւիրած վարչութեան նիստին որոշեց կասեցնել ԵԿՄ նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի լիազօրութիւնները։

ԵԿՄ-ն նաեւ որոշած է կազմակերպել ու սեղմ ժամկէտի մէջ համագումար հրաւիրել, ուր, ըստ ԵԿՄ փոխնախագահ Համլեթ Հայրապետեանի, կ’որոշուի ԵԿՄ կառավարման հետագայ ձեւը։ Քննարկուող ամենահաւանական տարբերակն, ինչպէս Հայրապետեանը փոխանցած է, խմբային կառավարումն է։

ԵԿՄ վարչութիւնը նաեւ դատապարտող յայտարարութիւն ընդունած է, որու մէջ, սակայն որեւէ անձ մատնանշուած չէր։

Հայրապետեանն ըսած է, որ կը յարգեն անմեղութեան կանխավարկածը եւ կը դատապարտեն ոչ թէ Մանուէլ Գրիգորեանը, այլ երեւոյթը:

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՀՔԾ) մեղադրանք առաջադրած է նաեւ Էջմիածնի՝ օրերս հրաժարական տուած քաղաքապետ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի որդի Կարէն Գրիգորեանին:

Յատուկ քննչական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Գրիգորեանը կը մեղադրուի Քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով՝  խումբ մը անձանց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ առանձնապէս խոշոր չափերով իւրացում:

Կարէն Գրիգորեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը՝ երկրէն  չհեռանալու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment