Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանն եւ Մարգար Եսայեան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Երկու Հայ Վերընտրուած Երեսփոխանները

Կարօ Փայլանն եւ Մարգար Եսայեան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Երկու Հայ Վերընտրուած Երեսփոխանները

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով մէճլիսի մէջ 2 հայ պատգամաւոր պիտի ըլլայ:

Նոր մէճլիսին մէջ պիտի ըլլան քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէն Տիարպէքիրէն առաջադրուած հայազգի Կարօ Փայլանը եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կողմէ Պոլսոյ 2-րդ ընտրատեղամասէն առաջադրուած Մարգար Եսայեանը:

Իր պատգամաւորական գործունէութեան ժամանակ Կարօ Փայլանը մշտապէս բարձրաձայնած է հայ համայնքը յուզող հարցեր: Ան աչքի ինկած է Թուրքիոյ մէճլիսէն ներս իր համարձակ ելոյթներով, որոնց մէջ բազմիցս բարձրաձայնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն առերեսուիլ սեփական պատմութեանն ու ընդունիլ սեփական յանցանքը:

Պատգամաւորը նոյնիսկ համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած էր, որու մէջ կը նախատեսուէր 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն: Առաջարկը մերժուած էր:

Ի տարբերութիւն Փայլանի` Եսայեանը յայտնի է իշխանական շրջանակներու հետ սերտ յարաբերութիւններով: 2015-ին ընտրուելէն ի վեր ան որեւէ հայամէտ նախաձեռնութեամբ աչքի չէ ինկած: Աւելին, 2016 թուականի Յունիսին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ան Թուրքիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ կողմ քուէարկած էր բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպերթ Ուոլթըրի հակահայկական «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկոյցին, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ տապալուած էր:

Այս ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի երկու թեկնածուներ` Լուտմիլա Պիւյումը (Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն) եւ Էլմաս Կիրակոսը («Լավ» կուսակցութիւն) նախնական արդիւնքներով մէճլիսին մէջ չեն ըլլար:

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէաթերթիկներու 92 տոկոսի հաշուարկի արդիւնքներով` իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը մէճլիսին մէջ կ’ունենայ 295, Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը` 146, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը` 49, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը` 66, «Լավ» կուսակցութիւնը` 44 պատգամաւորական մանդատ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment