Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ազատ եմ Արձակուել, Որովհետեւ Հայաստանում Չարիքի Իշխանութիւնը Վերացաւ».Վահան Շիրխանեան

«Ազատ եմ Արձակուել, Որովհետեւ Հայաստանում Չարիքի Իշխանութիւնը Վերացաւ».Վահան Շիրխանեան

by MassisPost

Զինուած խումբի գործով ամբաստանեալ, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեանն իր ազատ արձակումը կը պայմանաւորէ Հայաստանի մէջ չարիքի իշխանութեան վերացմամբ։  Այս մասին ան լրագրողներուն ըսած է երէկ՝ դատարանի դահլիճը լքելու ժամանակ։

Իսկ նոր իշխանութեան գործողութիւններու մասին գնահատական տալով Շիրխանեանն ըսած է՝ գերազանց, միայն թէ պէտք է շարունակեն նոյն կերպ։

Հարցին, թէ ինչ կը պատրաստուի ընել յառաջիկային, նախկին պաշտօնեան պատասխանած է, որ պիտի հանգստանայ եւ վերականգնուի։

Ան միաժամանակ տեղեկացուցած է, որ անազատութեան մէջ գտնուելու ընթացքին մի քանի անգամ լրագրողներուն հետ հանդիպում պահանջած է, սակայն իրեն թոյլ չեն տուած հանդիպել ԶԼՄ ներկայացուցիչներու հետ։

ինչ կը վերաբերի ԱԺ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի հետ առնչուող բացայայտումներուն՝ Վահան Շիրխանեանն ըսած է. «Մարդու համար ամենամեծ փորձութիւնը աթոռն է ու փողը։ Մանուէլը չի դիմացել ո՛չ աթոռի, եւ ո՛չ էլ փողի փորձութեանը եւ ընկել է ամենաստոր վիճակի մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment