Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Համաձայնութիւն Տուաւ Մանուէլ Գրիգորեանի Ձերբակալութեան Միջնորդութեան

Ազգային Ժողովը Համաձայնութիւն Տուաւ Մանուէլ Գրիգորեանի Ձերբակալութեան Միջնորդութեան

by MassisPost

Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ համաձայնութիւն տուած է Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախագահ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը ազատութենէն զրկելու վերաբերեալ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի միջնորդութեան:

Ժամանակաւոր հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մելիքեանի հրապարակած արդիւնքներով՝ քուէարկութեանը 104 պատգամաւորներէն մասնակցած են 82-ը, 2 քուէաթերթիկ ճանչցուած է անվաւեր, կողմ քուէարկած են 77, դէմ՝ 3 պատգամաւորներ:

Պատգամաւորի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի համաձայնութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment