Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեան․ Անվերապահօրէն Կը Սատարենք Մայր Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան ու Օրինականութեան Ամրապնդմանը

Բակօ Սահակեան․ Անվերապահօրէն Կը Սատարենք Մայր Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան ու Օրինականութեան Ամրապնդմանը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 18-ին նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, այս մասին տեղեկացուցած է ԼՂ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Բակօ Սահակեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին՝ Յունիս 16-էն 17-ը Արցախ այցելելու իր հրաւէրը ընդունելու համար եւ «շատ կարեւոր ու բովանդակալից» գնահատած տեղի ունեցած քննարկումները: – «Ուզում եմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մեր հանդիպման ընթացքում Ձեր արտայայտած դիրքորոշման համար, որ Դուք ողջունում ու կարեւորում էք իրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ իրականացնելու Արցախի Նախագահի պատրաստակամութիւնը», – նշած է ԼՂ նախագահը:

Համոզմունք յայտնելով, որ «այսուհետ եւս էլ աւելի կ’ընդլայնուի հայկական երկու հանրապետութիւններու սերտ փոխգործակցութիւնը», Բակօ Սահակեան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի իշխանութիւնները եւ անձամբ ինքը «անվերապահօրէն» կը սատարեն «Հայաստանում ժողովրդավարութեան ու օրինականութեան ամրապնդմանը, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնմանն ուղղուած Ձեր սկզբունքային քաղաքականութեանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment