Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժիրայր Սեֆիլեան Ազատ Արձակուած է

Ժիրայր Սեֆիլեան Ազատ Արձակուած է

by MassisPost

Վերաքննիչ քրէական դատարանը ազատ արձակած է «Հիմնադիր խորհրդարանի» առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ միւսներու գործով անցնող բոլոր մեղադրեալները, ինչպէս նաեւ՝ Գէորգ Սաֆարեանը։

Վերաքննիչ բողոքի քննութիւնը աւարտած էր 11 յունիսին։

Դատարանը կիսով չափ կրճատած է Սեֆիլեանի պատժաչափը՝ դարձնելով հինգուկէս տարի, ինչպէս նաեւ բաւարարած է Սեֆիլեանի խափանման միջոցը պատգամաւորներու երաշխաւորութեամբ փոխելու միջնորդութիւնը։ Սեֆիլեան ազատ կ’արձակուի, երբ պատգամաւորներէն իւրաքանչիւրը 500 հազարական դրամ վճարէ։

Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան 12 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ՝ Նաիրա Զոհրապեան, Միքայէլ Մելքումեան եւ այլոք, ինչպէս նաեւ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալէն Սիմոնեան անձնական երաշխաւորագիրներ ներկայացուցած են Ժիրայր Սեֆիլեանը ազատելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment