Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մինսկի Խումբի Համանախագահներ․ Քննարկուած է Նախարարներու Հանդիպման Հնարաւորութիւնը

Մինսկի Խումբի Համանախագահներ․ Քննարկուած է Նախարարներու Հանդիպման Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները քննարկած են ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման շուրջ նախարարներու մակարդակով հանդիպում կազմակերպելու հնարաւորութիւնը, նշուած է միջնորդներու՝ տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ամփոփելով անցած երկու օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, համանախագահներ Իկոր Պոպովը, Էնտրու Շոֆէրը եւ Ստեֆան Վիսկոնթին նշած են՝ «դիտարկած են բանակցութիւններու կարգավիճակն ու քննարկած գործընթացը առաջ մղելու ուղղութեամբ յետագայ քայլերը, ինչպէս նաեւ՝ մօտ ապագային նախարարական հանդիպման կազմակերպումը»:

Ամփոփելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան հետ բանակցութիւնները՝ միջնորդները նշած են. Հայաստանի պաշտօնեաները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Մինսկի խումբի ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած շարունակելու արդիւնաւէտ աշխատանքը համանախագահներու հովանիի ներքոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment