Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեանի Յայտարարութիւնը «Նպատակ Ունի Կանխել Հայաստանեան Զարգացումներու Կրկնութիւնը»

Բակօ Սահակեանի Յայտարարութիւնը «Նպատակ Ունի Կանխել Հայաստանեան Զարգացումներու Կրկնութիւնը»

by MassisPost

Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնին 2020 թոուականին չառաջադրուելու մասին Բակօ Սահակեանի յայտարարութիւնը նպատակ ունի կանխել հայաստանեան զարգացումներու կրկնութիւնը Ղարաբաղի մէջ:

Ըստ Յակոբ Պատալեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները հասկցած են, որ փոփոխութիւններու չերթալը կը վտանգէ ոչ միայն սեփական դիրքերը, այլ նաեւ հակամարտութեան գործընթացին մէջ հայկական կողմի դիրքերը:

ԼՂ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տասը օր առաջ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած միջադեպէն ետք մեկնարկած բողոքի միջոցառումները յանգեցուցին ոչ միայն ԼՂ ԱԱԾ ու Ոստիկանութեան ղեկավարներու, այլ նաեւ Ղարաբաղի պետնախարարի հրաժարականին:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սահակեան յայտարարած է, որ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն ինքը պիտի չառաջադրուի․ – «Ուզում եմ պաշտօնապէս յայտարարել, որ ես որպէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու չեմ մասնակցելու այդ ընտրութիւններին: Իմ մասնակցութիւնը կը լինի միայն որպէս Արցախի հանրապետութեան քաղաքացի, ով ընտրում է նոր նախագահ: Սա ոչ թէ պահի թելադրանքով ընդունուած, այլ գիտակցուած որոշում է, որը բխում է մեր արժեհամակարգից, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկիր կառուցելու հրամայականից: Եւ քանի որ տեղի են ունենալու նախագահի եւ Ազգային ժողովի համաժամանակեայ ընտրութիւններ, ես, որպէս գործող նախագահ, օրէնքով սահմանուած իմ լիազօրութիւնների շրջանակներում ձեռնարկելու եմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի ե’ւ նախագահի, ե’ւ խորհրդարանական ընտրութիւններն անցնեն ազատ, արդար ու թափանցիկ»:

Յակոբ Պատալեանի կարծիքով, Բակօ Սահակեանի յայտարարութեան պէտք է յաջորդեն իրական փոփոխութիւններ, հակառակ պարագային առկայ դժգոհութիւնը մեղմել դժուար կ’ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment