Տնտեսութեան մէջ ստուերի տոկոսը Հայաստանի մէջ կազմած է 31, Վրաստանի մէջ՝ 23, Ատրպէյճանի մէջ 52 տոկոս: 11 Յունիսին կայացած «Կովկաս 2017» ամէնամեայ միջազգային գիտաժողովի ժամանակ թուային նման տուեալներ ներկայացուցած է հիմնարկի գիտաշխատող Հրանդ Մելիքեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ տնտեսական ազատութիւններու առումով Հարաւային Կովկասի մէջ առաջամարտիկը Վրաստանն է, անոր կը յաջորդէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը:
«Վրաստանն առաջամարտիկի դերը ստանձնել է 2013 թուականից, այն դէպքում, երբ Ատրպէյճանը այս ցուցիչով մշտապէս վերջին հորիզոնականում է եղել»,- ըսած է բանախօսը:
Հրանդ Մելիքեանը նկատած է, որ Հարաւային Կովկասի երկրներու մէջ կեանքի մակարդակները իսկապէս մօտ են իրար:
Կովկասի հիմնարկի ներկայացուցիչի խօսքով, տարածաշրջանի տնտեսական աճը մեծապէս կախուած է համաշխարհային տնտեսութենէն, եւ եթէ համաշխարհային տնտեսութիւնը յայտնուի այն վիճակի մէջ, ինչ վիճակի մէջ էր 2014-2016 թուականներուն, էական առաջընթացի չարժէ սպասել: Առաւել դրական զարգացումներու պարագային Հարաւային Կովկասի երկիրները 10-15 տարուան ընթացքին իրենց կենսամակարդակով կրնան մօտենալ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն: