Home ՍՓԻՒՌՔ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Յոբելենական Ճաշկերոյթ Լիբանանի Մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Յոբելենական Ճաշկերոյթ Լիբանանի Մէջ

by MassisPost

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման  հարիւրամեակի օրերուն կը նշուի նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) մէկ դարեայ Աստուածահաճոյ նուաճումը: Այս առթիւ տօնակատարութիւններու շարքը սկսաւ Ամերիկայի Արեւելեան Ափէն, հասնելու Սիտնի, Թորոնթօ, Պէյրութ, շարունակուելով Փարիզի եւ Երեւանի մէջ, հուսկ Ամերիկայի Արեւմտեան ափը:

Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ֆէնիսիա» հիւրանոցի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԱՀԱԸ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը՝ կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ): Ճաշկերոյթը առիթ մը եղաւ, որ աւելի քան 220 անհատներ Լիբանանէն, Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն ժամանած Հայ Աւետարանական գործիչներ, Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան անդամներ, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարչականներ, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Լիազօր եւ Արտակարգ դեսպան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, Լիբանանի Հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, միասնաբար գնահատեն Աւետարանչականի մատուցած անսակարկ ծառայութիւնները:
Banquet

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Տիար Ճան Սաղըրեան, ապա Վեր. Նշան Պագալեան աղօթքի հրաւիրեց բոլոր ներկաները:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը: Ան յիշելէ ետք Աւետարանչականին հիմնադրութեան հակիրճ պատմութիւնը ըսաւ, թէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութինը ծառայեց Սփիւռքի հայ հասարակութեան եւ 1988-ին իր ներկայութիւնը հաստատեց նաեւ հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ: Ան աւելցուց թէ, այսօր «երբ կը տօնենք 100-ամեակը Ընկերակցութեան, կը տօնենք նաեւ վերածնունդը հայ հասարակութեան: Վերածնունդը հայութեան յոյսին եւ հաւատքին: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործունէութիւններու առանցքը կազմած են ու կը կազմեն մանուկները, որոնց համար առօրեայ դպրոցներ, ճամբարներ, ընկերային կեդրոններ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ կը գործեն Ամերիկայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ: Մեր բոլոր ճիգերը եւ աշխատանքը անոնց օգնութեան, կրթութեան, հանգստութեան եւ հոգեւոր լուսաւորութեան վրայ կը կեդրոնանան: Շատ աւելի կարեւորը այն է, թէ մեր գործերով եւ օրինակով մանուկները պիտի ճանչնան Աստուծոյ անսահման սէրը: Մանուկներով, երիտասարդներով, Հայկազեանի եւ այլ համալսարաններու ուսանողներով, որոնք կրթաթոշակ կը ստանան ընկերակցութենէն, պիտի զօրանայ մեր եկեղեցիներուն հոգեւոր կեանքը»:

Ան ըսաւ, որ անկանխատեսելի դժուարութիւններ պիտի ըլլան գալիք տարիներուն, «բայց մենք պիտի յաղթահարենք բոլոր մարտահրաւէրները մեր Ընկերակցութեան գործունէութիւններով եւ գալիքին հիմնուելիք 100-ամեակի ֆոնտով, որ պիտի գործածուի նաեւ Միջին Արեւելքի վերակառուցման, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու հզօրացման համար»:

Խօսքի աւարտին ԱՀԱ Ընկերակցութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զոհեցին իրենց ժամանակը եւ իրենց լուման դրին յաջողցնելու Ընկերակցութեան գործունէութիւնները եւ առաքելութիւնները: «Աւետարանչականին ջահը պիտի շարունակենք վառ պահել գալիք տասնամեակներուն ծառայելով եւ հոգալով: Կը հրաւիրեմ, որ միանաք մեզի այս ճամբորդութեան ընթացքին»:

Ելոյթ ունեցաւ Ալիս Իփրաճեան որ իր շնորհալի ձայնով մեկնաբանեց «Յիսուս, քու կեանքդ անգին» եւ «Տուն իմ հայրենի» երգերը:

Rev.-Karagoezian-and-Khanjian

Խօսք առաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեան, որ շեշտեց, թէ տարիներ առաջ՝ 1991-ին անսալով ցեղի ձայնին եւ հայրենի հողի կանչին՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը «հաստատեց իր ներկայութիւնը ինքնավար եւ ինքնիշխան Հայաստանի եւ Արցախի բազմահազարամեայ հողին վրայ: Մնացեալը պատմութեան կը վերաբերի եւ ապա՝ վկայութիւնն է: Յետ-Եղեռնեան Միջին Արեւելքի անապատներուն մէջ գաղթականական հոսանքներու բերումով աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայրենիքին խարսխեալ հզօրութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի հոգեւոր, իմացական եւ ֆիզիքական բարօրութիւնը, նկատի ունենալով՝ Աւետարանչականը լուռ եւ անտրտունջ ծառայեց հայ ժողովուրդին: Զանոնք գրկաբաց ընդունող, հայրենիքի մերձակայ Արաբական ասպնջական երկիրներէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկաները կայք հաստատող եւ վերջապէս Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն ներս ապրող հայ ժողովուրդին՝ Աւետարանչականը մատուցեց իր բազմաշերտ ծառայութիւնները»: Ան ըսաւ, որ անխարդախ սիրով եւ համապարփակ հոգիով Աւետարանչականը իր հոգածութեան լուման տարածեց «այրիացած մօր, որբացած որդիին, անտէր մանուկին, հիւանդ պատանիին, անխարիսխ չափահասին, կրթութիւն եւ գիտութիւն տենչացող ուսանողին, տարեցին եւ թոշակառուին վրայ»: Անոր ուշադրութեան առարկան դարձան «Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայրենակորուստ զանգուածներէն մինչեւ Միջին Արեւելքի աղէտաւոր հայութիւնը եւ անկախ հայրենիքի քաղաքացին, սահմանամերձ հայ գիւղը եւ գիւղացին, բանակն ու զինծառայողը, վիրաւորն ու հիւանդանոցը, նահատակ հերոսին ծնողն ու իր զաւակները, ուսումն ու զարգացումը»:

Ան աւելցուց, թէ Աւետարանչականը խիզախօրէն տարածեց Աստուծոյ խօսքը, բաժնեց Քրիստոսի բարի լուրը եւ հաւատքի ակունքներուն առաջնորդեց հայ անհատը:

Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հարկ եւ անհրաժեշտ էր ամէն գնով սատարել մեր ազգային հոգեւոր պետականութեան գործին. «համոզուած էինք, որ Հայկական հարազատ ոգիով տոգորուած Աւետարանական եկեղեցին իբրեւ հոգեւոր զօրաւոր ազդակ կարեւոր եւ կենսական դեր ունի կատարելիք ազգապահպանման ե ազգային վերաշինութեան մեծ գործին մէջ»: Խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Կ’ուխտենք շարունակել մեր առաքելութիւնը նուիրուած, եռանդով եւ խանդավառութեամբ, անսասան կերպով տարածելով Աստուծոյ խօսքը եւ Աւետարանի բարի լուրը մեր ազգակիցներուն եւ այլոց: Կ’ուխտենք լաւագոյնս կառավարել եւ տնտեսել մեր նախնիներու ձեռքբերումները»:

Ելոյթ ունեցաւ Րաֆֆի Մանտալեանին գործիքային խումբը, որ գեղեցկօրէն մեկնաբանեց փունջ մը հայկական ժողովրդային երգեր եւ ճազ եղանակներ՝ ճաշի ընթացքին:

Տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւն Հաւատքի, Սիրոյ եւ Ծառայութեան» խորագիրը կրող տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որ վկայութիւններով կը խօսէր Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործունէութիւններու մասին:

Darakjian-and-Baran

Այնուհետեւ Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան ատենապետ Դոկտ. Յասմիկ Պարանի ձեռամբ եւ յանուն Աւետարանչականին` պարգեւատրուեցաւ նախկին ատենապետ Տոքթ. Անի Տարագճեանը ութամեայ անձնուէր ծառայութեան համար:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի շնորհակալական խօսքով, Աւետարանչականի պարգեւատրումով եւ օրհնութեան աղօթքով, ապա տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակի կարկանդակի հատումը:

Հուսկ, ընդգծենք թէ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հարիւրամեակի գործունէութիւններու ընթացքին հաւաքուած նուէրները պիտի յատկացուին Լիբանանի մէջ գործող Հայ Աւետարանական դպրոցներուն, իրենց կրթական առաքելութիւնը ամրապնդելու համար։ Վերջապէս՝ Ճաշկերոյթի իւրաքանչիւր հիւր ստացաւ 112 էջէ բաղկացած գունաւոր գրքոյկ մը նուիրուած ԱՀԱԸի հարիւրամեակին եւ անոր բեղուն պատմութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment