Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գարեգին Բ Կաթողիկոս Հանդիպած է Իր Հրաժարականը Պահանջող Նախաձեռնող Խումբի Անդամներուն Հետ

Գարեգին Բ Կաթողիկոս Հանդիպած է Իր Հրաժարականը Պահանջող Նախաձեռնող Խումբի Անդամներուն Հետ

by MassisPost

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը երկու եպիսկոպոսներու՝ Արշակ եւ Միքայէլ սրբազաններու մասնակցութեամբ   Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի մէջ  հանդիպում ունեցած է «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» նախաձեռնող խումբի անդամներէն՝ Սուրբ Կայանէ եկեղեցիի հոգեւոր հովիւ հայր Կորիւնի եւ Կարեն Պետրոսեանի հետ:  Շուրջ 1 ժամ տեւած փակ հանդիպման ընթացքին խումբի անդամները, ըստ իրենց, փաստեր  ներկայացուցած են  թէ ինչու կը պահանջեն կաթողիկոսի հրաժարական, եւ յորդորել են հովուապետին ինքնակամ լքել Հայրապետի աթոռը:

Կարէն Պետրոսեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է, որ ժողովուրդը արձանագրած է, որ Կաթողիկոսը պէտք է գահը թողէ: Ան նշած է, որ որեւէ եկեղեցականի հետ որեւէ խնդիր չունին, այլ իրենց խնդիրը եկեղեցւոյ առաջնորդի հետ է, որ իրենց կարծիքով, չունի բաւարար հեղինակութիւն, որպէսզի այդ կառոյցը առաջնորդէ:

Նախաձեռնութեան անդամը նշած է, որ փաստերով անուանական հարցադրումներ դրած են եւ դուրս եկած են համոզումով, որ Կաթողիկոսը պէտք է թողէ գահը, քանի որ չունի բաւարար հեղինակութիւն, սէր, յարգանք: Ան ըսած է, որ փաստերէն մէկը այն է, որ բազում նամակներ  եղած են Կաթողիկոսին ուղղուած, որոնք մնացած են անպատասխան:

«Միւս փաստերը վերաբերում են բիզնեսներին, կաթողիկոսի վարկանիշին»,- ըսած է ան եւ նշած, որ այդ մասին հրապարակումներ եղած են մամուլի եւ կայքերու մէջ:

«Մենք արել ենք հարցում, եւ ըստ հարցման տուեալներու՝ հասարակութեան 97 տոկոսը ըսած է, որ Կաթողիկոսը իրենց համար հեղինակութիւն չէ»,- ըսած է ան:

Կարէն Պօղոսեանը նշած է, որ պիտի շարունակեն իրենց ցոյցերը, ամէն օր՝ 18:30-ին, պիտի իրականացնեն խաչերթեր Երեւանի Կաթողիկէ եկեղեցիէն:

«Շատ եպիսկոպոսներ այսօր կը կիսեն մեր տեսակէտը: Մենք ստիպուած եղանք խնդրել եպիսկոպոսներէն, որ յորդորեն իրենց եղբայրներին, որ այնպէս չլինի՝ այս շարժումը այնքան մեծ «ձնագնդի դառնայ», որ յետոյ անդառնալի հետեւանքներ ունենայ: Նա ոչինչ չասաց եւ հեռացաւ: Մենք խնդրում ենք, սիրելի՛ եպիսկոպոսներ, դուք ունէք հնարաւորութիւն հայ եկեղեցին վերադարձնել հայ ժողովուրդին: Մենք ասացինք՝ Վեհափա՛ռ, դուք կտրուել էք իրականութիւնից, քանի որ չէք կարծում, որ որեւէ հարցում մեղաւոր էք»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment