Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Հաւանութիւն Տուաւ ՀՀ Կառավարութեան Ծրագիրին

Ազգային Ժողովը Հաւանութիւն Տուաւ ՀՀ Կառավարութեան Ծրագիրին

by MassisPost

Ազգային ժողովը հաւանութեան արժանացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած Կառավարութեան ծրագիրը: Համապատասխան որոշման կողմ քուէարկած է 62, դէմ՝ 39 պատգամաւոր:ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը շնորհաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Յիշեցնենք, որ ԱԺ «Ելք», ՀՅԴ եւ «Ծառուկեան դաշինք խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ կողմ պիտի քուէարկեն նախագիծին, իսկ «ՀՀԿ» խմբակցութիւնը, թէեւ դէմ էր ծրագիրին, միեւնոյն է, յայտարարած էր, որ կ’ապահովէ անհրաժեշտ ձայները:

Յիշեցնենք, որ նոր կառավարութիւնը ձեւաւորուած է Հայաստան «թաւշեայ» յեղափոխութենէն յետոյ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած  ծրագիրը բաղկացած է 7 կէտէ` կառավարութեան գործունէութեան հիմնական ուղենիշներ, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստում, արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան ապահովում, պայքար կաշառակերութեան դէմ, ազատ, արժանապատիւ եւ երջանիկ քաղաքացի, տնտեսութեան շարունակական զարգացում եւ Հայաստան-սփիւռք կապեր։

«Կառավարութեան գործունէութեան հիմնական ուղենիշները» բաժինի մէջ նշուած է, որ ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան առանցքային նպատակը 2018թ. Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքներու ամրագրումն է՝ որպէս հանրային եւ ազգային յարաբերութիւններու հիմք եւ յեղափոխութեան գաղափարներու իրագործում՝ որպէս մշտական քաղաքական իրողութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment