Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն կը Շարունակէ Աջակցութիւնը Հայաստանի Բարեփոխումներուն

ԵՄ-ն կը Շարունակէ Աջակցութիւնը Հայաստանի Բարեփոխումներուն

by MassisPost

2015 թուականի Յունուարէն ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած է զգալի զարգացում: Այս միտքը արձանագրուած է Եւրոպական միութեան նոր զեկոյցի մէջ: Նշուած է, որ երկկողմ գործընկերութեան նոր համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններն ու պայմանական կիրարկման մէջ մտնելը, ինչպէս նաեւ «Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու» ամփոփումը, որ տեղի ունեցած է այս տարուան Փետրուարին, նպաստած են այդ յաջողութեան, նշուած է Եւրոպական միութեան նոր զեկոյցի մէջ:

Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Յովհաննէս Հաան ալ նշած է օդագնացութեան համաձայնագիրի մասին. «Նոր Համաձայնագիրէն բացի, որ միաձայն վաւերացուած է Հայաստանի խորհրդարանի կողմէ եւ ներկայիս անցած է պայմանական կիրարկման, կը տեսնենք նաեւ առաջընթաց ընդհանուր օդագնացութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման ու Տրանս Եւրոպական փոխադրամիջոցային ցանցի ընդլայնման միջոցով մեր քաղաքացիներուն աւելի մօտ դարձնելու առընչութեամբ: Հայաստանը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ նաեւ անցեալ տարի Նոյեմբերին Պրիւսէլի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին, որու ընթացքին առաջնորդները հաւանութիւն տուին «20 արդիւնք 2020 թուականի համար» փաստաթուղթին, որ կը համալրէ մեր երկկողմ օրակարգի առաջնահերթութիւնները»:

«ԵՄ-Հայաստան Գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները», որ ստորագրուած է 2018 թ. Փետրուարին, կը սահմանէ առանցքային ոլորտներու մէջ ապագայ երկկողմ եւ ֆինանսական համագործակցութեան ուղենիշը՝ ձեւաւորուած 2018թ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ընթացքին հաստատուած գերակայութիւններուն համահունչ:

Միակցուածութեան ոլորտի մէջ, 2017 թ. Նոյեմբերին նախաստորագրուած է Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ միասնական օդագնացութեան գօտիի ստեղծման մասին համաձայնագիրը: Այն կը նախատեսուի դէպի Հայաստան ուղեւորափոխադրումներու ծաւալի զգալի աճ, միաժամանակ ապահովելով անվտանգութեան, բնապահպանական եւ սոցիալական չափանիշներու կատարելագործում: Բացի այդ, Հայաստանը ստորագրած է բարձր մակարդակի փոխըմբռնման փաստաթուղթ, որ կը սահմանէ Տրանս-եւրոպական փոխադրամիջոցներու հիմնական ցանցերու քարտէզը:

Հայաստանը կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան մէջ. 2017 թուականի 24 Նոյեմբերին Պրիւսէլի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ընդունուած Հռչակագիրը կը վերահաստատէ Եւրոպական միութեան եւ 6 գործընկեր երկիրներու յանձնառութեան յստակ շարունակական բնոյթը: Գագաթնաժողովը հաւանութիւն տուած է 2020 թուականի 20 արդիւնքներուն, որոնք օգնեցին համագործակցութիւնը ուղղել շօշափելի, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի համար օգուտներ ապահովող արդիւնքներու ձեռքբերման` Արեւելեան գործընկերութեան վերանայուած բազմակողմ կառուցուածքին համահունչ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment