Գործարար պատգամաւոր, անկուսակցական Սամուէլ Ալեքսանեանը դուրս եկած է Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութենէն:
Այսպիսով, Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներու թիւը դարձած է 52: Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցին պարզաբանած է հանրապետական պատգամաւոր, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի Արմէն Աշոտեանը, խմբակցութիւնը, պահպանելով հանդերձ մեծամասնութիւնը խորհրդարանի մէջ, կորսնցուցած է բացարձակ մեծամասնութիւնը, որն է՝ 50 տոկոս գումարած 1․ Ազգային ժողովը ունի 105 պատգամաւոր: