Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կլէնտէլի Հայութիւնը Կոչուած Է Ներկայ Ըլլալու Քաղաքապետական Խորհուրդը Յունիս 12-ի Նիստին

Կլէնտէլի Հայութիւնը Կոչուած Է Ներկայ Ըլլալու Քաղաքապետական Խորհուրդը Յունիս 12-ի Նիստին

by MassisPost

Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդը անցեալ Մարտ ամսուն, միաձայնութեամբ նախնական հաւանութիւն  տուած էր «Միացեալ Հայ Երիտասարդներ » կազմակերպութեան  առաջարկին` Կլէնտէլի Մարիլանտ պողոտայի  մէկ հատուածը վերանուանել «Արցախ Պողոտայ »:

Քաղաքապետական Խորհուրդի որոշումը ուղարկուած էր Քաղաքաշինութեան Յանձնախումբին, իրենց կարծիքը եւս ստանալու համար: Շրջանի վաճառականներէն տարբեր պատճառաբանութիւններով ստացուած առարկութիւններու հիման վրայ, Յանձնախումբը տուած է  բացասական կարծիք:

Յառաջիկայ Երեքշաբթի, Յունիս 12-ին, Քաղաքապետական Խորհուրդը  դարձեալ պիտի քննարկէ անուանակոչութեան հարցը, վերջնական որոշում կայացնելու համար:

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը միանալով Միացեալ Հայ Երիտասարդներու նախաձեռնութեան, կոչ կ’ընեն Կլէնտէլի Հայ քաղաքացիներուն մեծ թիւով ներկայ գտնուելու Քաղաքապետական Խորհուրդի Յունիս 12-ի նիստին, երեկոյեան ժամը 6-ին, ու պահանջելու  Խորհուրդի  անդամներէն, «Արցախ Պողոտայի » հարցով վերահաստատելու իրենց նախկին որոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment