Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ընդառաջելով Փաշինեանի Կոչին Ստեփանակերտի Ցոյցերը Դադրեցան

Ընդառաջելով Փաշինեանի Կոչին Ստեփանակերտի Ցոյցերը Դադրեցան

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ չորս օր շարունակուող ցոյցերը դադրեցան: Բողոքի ցոյցեր համակարգող խումբը որոշած է ընդառաջել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Բակո Սահակեանի կոչերուն եւ դադրեցնել բողոքի գործողութիւնները:

Համակարգող խումբի անդամ Դաւիթ Սիմոնեանը, մասնաւորապէս, ըսած է որ իրենց պահանջները չեն փոխուած եւ պարզապէս ժամանակ կու տան Բակո Սահակեանին, որպէսզի պաշտօնանկ ընէ ԱԱԾ պետը, ԱԱԾ պետի տեղակալը եւ ոստիկանապետը:

Ցուցարարները, որոնք դժգոհ էին այս որոշումէն, կը կարծէին, որ տարիներ շարունակ իշխանութիւնները խաբած են եւ այս անգամ ալ խաբուած դուրս կու գան, բայց քիչ անց նաեւ այդ դժգոհող քաղաքացիները եկան Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակ, ուր՝ Մշակոյթի պալատի մէջ, իշխանութիւնները ցուցարարներուն դահլիճ տրամադրած էին ինչպէս նաեւ առանձին գրասենեակ, ստեղծուած է Հանրային խորհուրդ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր քաղաքացիները կրնան մօտենալ, ներկայացնել իրենց դժգոհութիւնները, բողոքները, ապօրինութիւններու վերաբերեալ փաստերը՝ եթէ այդպիսիք կան:

Դահլիճի մէջ տեղի ունեցած է հանրային քննարկում, ցուցարարները նշած են, որ պէտք է սահմանափակել երեք պահանջներով եւ Լեռնային Ղարաբաղին համակարգային լուծումներ պէտք են: Հնչած ելոյթներու մէջ, մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերէր արդարադատութեան համակարգի բարեփոխման:

Մինչ այս պահը Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները յայտարարութեամբ հանդէս չեն եկած՝ արդեօք կան պաշտօնանկութիւններ, թէ ոչ: Յիշեցնենք՝ ԼՂ նախագահ Բակո Սահակեանը ըսած էր, որ ժողովուրդի պահանջը պիտի բաւարարէ, սակայն ժամանակ խնդրած էր այդ պաշտօններուն նորեր փնտռելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment