Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵԿ Փոխնախագահը Հրաւիրուած է ԱԱԾ՝ Հարցաքննութեան

ՊԵԿ Փոխնախագահը Հրաւիրուած է ԱԱԾ՝ Հարցաքննութեան

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանը տեղեկացուցած է, որ Պետեկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) փոխնախագահ Ռաֆիկ Մաշատեանը որպէս վկայ հրաւիրուած է ԱԱԾ՝ հարցաքննութեան։

Յիշեցնենք, օրեր առաջ ԱԱԾ-ն յայտարարեց, որ «բացայայտած է հարկերու վճարումէ խուսափելու նպատակով հայաստանեան խոշորագոյն տնտեսվարողներու կողմէ մշակուած եւ գործունէութեան ընթացքին տեւական ժամանակ կիրառուած սխեմա (մեխանիզմ), որու իրագործման համար օգտագործուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներու անուամբ հիմնադրուած, փաստացի կեղծ ձեռնարկատիրութիւն իրականացնող ԱՁ-ներ»։

Ռաֆիկ Մաշատեանը, որ նախքան կը զբաղեցնէր տնտեսութեան նախարարութեան խոշոր հարկ վճարողներու հարկային տեսչութեան պետի պաշտօնը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ իրենց համար ԱԱԾ բացայայտած սխեման գաղտնիք չէր:

«Խնդրին մենք տեղեակ ենք եղել երկար տարիներ, անընդհատ քննարկումներ ենք ունեցել։ Ես եւս մէկ անգամ կրկնում եմ, որ սխեման մեզ համար գաղտնի չի եղել, մենք տիրապետել ենք էդ ինֆորմացիային (գիտելիք), որ առեւտուրի մի կէտում գործում են մէկից աւելի տնտեսվարող սուբյեկտներ (ենթակայ)։ Բազմաթիւ առեւտուրի կէտեր ես կարող եմ մատնանշել, որտեղ որ առեւտուր իրականացնում են մէկից աւելի տնտեսվարող սուբյեկտներ», – ըսած էր ՊԵԿ փոխնախագահը՝ յաւելելով. – «Բացայայտումներու մասին, եւս մէկ անգամ եմ ասում, խօսք լինել չի կարող, որովհետեւ նման գործելաոճը սուբերմարքէթների մեզ տեղեակ է եղել, մենք ընդամէնը վարչարարութիւն չենք իրականացրել՝ ապացուցելու, որ այդ առեւտրի կէտը պատկանում է նոյն տնտեսվարող սուբյեկտին»։

Ըստ Վանեցեանի, Մաշատեանը հրաւիրուած է ԱԱԾ՝ բացատրութիւն տալու համար։ «Ինքը յայտարարած է, որ եղած է պայմանաւորուածութիւն, ինքը պէտք է գայ, բացատրութիւն տայ, թէ ինչի մասի է խօսքը», – ըսած է ԱԱԾ տնօրէնը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ ՊԵԿ փոխնախագահը որպէս կասկածեա՞լ հրաւիրուած է, Վանեցեանը պատասխանած է. – «Ոչ, որպէս վկայ է հրաւիրւում, յետոյ կարգավիճակը կ’որոշուի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment