Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մենք Յարաբերութիւններ Մէկու Հետ Միւսի Հաշուին Երբեք Չենք Կառուցած եւ Չենք Կառուցելու»․ Զօհրապ Մնացականեան

«Մենք Յարաբերութիւններ Մէկու Հետ Միւսի Հաշուին Երբեք Չենք Կառուցած եւ Չենք Կառուցելու»․ Զօհրապ Մնացականեան

by MassisPost

«Մենք յարաբերութիւններ մէկի հետ՝ միւսի հաշուին, կամ հակառակը երբեք չենք կառուցել եւ նպատակ չունենք կառուցելու», – «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի արտգործնախարար Զոհրապ Մնացականեանը։

«Ազատութեան» դիտարկման, թէ ռուսական որոշ ոչ պաշտօնական շրջանակներու մէջ կասկածով կը  վերաբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, որ պէտք է մշտապէս շատ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Ռուսիոյ հետ, ա՛լ աւելի սերտացնել, սակայն այդ չի նշանակեր, որ պէտք չէ խորացնել յարաբերութիւնները Եւրամիութեան, Արեւմուտքի հետ, նախարարը այսպէս արձագանգած է. – «Մենք կանք, ինչ որ կանք, եւ ներքաղաքական զարգացումները կային այն, ինչ որ կային՝ դա հայկական գործընթաց էր ամբողջովին Հայաստանի, հայ ժողովրդի, հայկական իրողութեան մէջ տեղաւորուող, այդպէս եղած է, եւ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը նոյնպէս լինելու է նոյնը՝ եթէ մենք կարիք ունենք է՛լ աւելի բացատրելու մէկ դաշտում թէ միւս դաշտում, ուրեմն՝ մենք պէտք է մեր ջանքերը ներդնենք դրա մէջ եւ բացատրենք, որքան հնարաւոր է պարզ եւ յստակ, որ մենք յարաբերութիւններ մէկի հետ միւսի հաշուին կամ հակառակը երբեք չենք կառուցել եւ նպատակ չունենք կառուցելու»։

Ընդգծելով, որ Ռուսիոյ հետ Հայաստանը ունի շատ խորը, կարեւոր յարաբերութիւններ, Մնացականեանը նշած է, որ Եւրամիութեան հետ համաձայնագիրը ստորագրուած եւ իրականացուած է ոչ հակառակ միւս ուղղութիւններու, բայց կը համալրէ այն ամէնը, ինչ կը կատարուի յանուն Հայաստանի շահերու։

«Ռուսաստանի հետ մենք ունենք շատ խորը յարաբերութիւններ, շատ կարեւոր յարաբերութիւններ, դրանք շարունակուելու են։ Ռազմավարական համագործակցութիւնը, ռազմավարական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ ունեն շատ ամուր հիմքեր՝ շատ տրամաբանական է եւ բացատրելի։ Մենք խնդիր չունենք յստակ բացատրել մեր միւս գործընկերներին, բայց, միւս կողմից, զարգացնելով յարաբերութիւնները կամ շարունակելով այն հիմքերը, նորից մենք խօսեցինք Եւրամիութեան հետ համաձայնագրի մասին, այդ համաձայնագիրը չի ստորագրուել եւ չի իրականացւում հակառակ միւս ուղղութիւններու, բայց համալրում է այն ամէնը, ինչ մենք անում ենք մեր շահերի համար, եւ եթէ մենք պէտք է է՛լ աւելի բացատրենք, ուրեմն մենք պէտք է դա անենք», – ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment