Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մասիսի Քաղաքապետին եւ Չորս Այլ Անձերու Մեղադրանք Առաջադրուած է

Մասիսի Քաղաքապետին եւ Չորս Այլ Անձերու Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

Ապրիլ 22-ին Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններու փաստով ձերբակալուած Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանին, քաղաքապետի տեղակալ Կարէն Օհանեանին, Մասիս քաղաքի բնակիչներ՝ 1982թ. ծնած Ս.Սահակեանին, 1995 թ. ծնած Գ. Համբարձումեանին, 1988 թ. ծնած Գ.Խաչատրեանին մեղադրանք  առաջադրուած է:

«Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանին մեղադրանք է առաջադրուել ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 225-րդ յօդուածի 1-ին 2-րդ մասերով՝ անկարգութիւնները կազմակերպելու եւ մասնակցելու համար: Միւս 4 անձանց մեղադրանք է առաջադրուած ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 225-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով՝ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու համար:

Երկու անձ կասկածեալ է»,- ըսած է Սոնա Տռուզեանը:
Ան նաեւ նշած է, որ 85 անձի վերաբերեալ խափանման միջոց կալանաւորում ընտրելու մասին միջնորդութիւն ներկայացուած է:

22 Ապրիլ 2018 թուականին խումբ մը անձինք, որոշները՝ բժշկական դիմակներով, յարձակած են բողոքի ցոյցեր իրականացնող քաղաքացիներու վրայ եւ քարերով, մահակներով, ելեկտրահարող սարքերով բռնութիւն գործադրած։

Նշենք, որ ՀՀ ՔՕ-ի 225-րդ յօդուածի 1-ին մասը կը սահմանէ՝ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպել, որ կը պատժուի ազատազրկմամբ` չորսէն տասը տարի ժամկէտով: Նոյն յօդուածի 2-րդ մասը կը սահմանէ՝ զանգուածային անկարգութիւններու ժամանակ անոնց մասնակցի կողմէ բռնութիւն գործադրելը, ջարդ կամ հրկիզում իրականացնելը, գոյք ոչնչացնելը կամ վնասելը, հրազէն, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր գործադրելը կամ իշխանութեան ներկայացուցիչին զինուած դիմադրելը: Կը պատժուին ազատազրկմամբ` երեքէն ութ տարի ժամկէտով, եթէ այդ արարքները կատարելը ինքնին չ’առաջացներ սոյն օրէնսգրքի այլ յօդուածներով աւելի խիստ պատասխանատուութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment