Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յիշատակելի եւ Իւրայատուկ Քառասնամեակ Հայ Թատրոնի Նուիրեալ Գրիգոր Սաթամեանի

Յիշատակելի եւ Իւրայատուկ Քառասնամեակ Հայ Թատրոնի Նուիրեալ Գրիգոր Սաթամեանի

by MassisPost

Բոլոր անոնք որոնք ներկայ էին անցեալ Շաբաթ, Մայիս 19, 2018ին Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պոյաճեան սրահը, ապրեցան ուրախ երեկոյի մը առթած վայելքը: Արդարեւ կը յիշատակուէր հայ թատրոնի անխոնջ մշակ Գրիգոր Սաթամեանի բեմական գործունէութեան 40-ամեակը:

Օրուան հանդիսավար Տօքթ. Գրիգոր Սիմոնեան  ՚Գ. Սաթամեան»  թատերախումբի վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկայ հասարակութեան եւ բեմ հրաւիրեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Փեթոյեանը: Ան իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք կարդաց թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ողջոյնի գրութիւնը, ուղղուած Գր. Սաթամեանի բեմական գործունէութեան 40-ամեակին, որուն մէջ բարձր կը գնահատուէր հայ թատրոնի երկրպագու վաստակաշատ դերասանի եւ բեմադրիչի տաղանդն ու նուիրումը թատերական ասպարէզէն ներս:

satamian-5

Գրիգոր Սաթամեանի աւելի քան կէս դարու ծանօթներէն Պերճ Տէր Սահակեան, Հայկ Մսրլեան եւ Տիգրան Էքիզեան յիշատակելի ու երգիծանքով համեմուած դրուագներ պատմեցին բեմադրիչի դպրոցական եւ ընկերային կեանքէն, կուշտ ու կուռ ծիծաղի մթնոլորտ ստեղծելով սրահէն ներս:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-նախագահ Տիար Սինան Սինանեան կարդաց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի գրութիւնը որ պանծացուց Գրիգոր Սաթամեանի ներդրումն ու նուիրուածութիւնը եւ մեծ նպաստը սփիւռքահայ թատրոնի վերելքին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն տաղանդաւոր արուեստագէտին:

Ներկաներուն մեծ անակնկալ մը պատճառեց Գրիգոր Սաթամեանի դերասաններու խմբային ելոյթը: Արդարեւ անոնք մեծ բեմադրիչին նուիրուած եռաձայն կատակերգ մը պատրաստած էին ու զայն յաջողութեամբ բեմադրեցին ներդաշնակ երգեցողութեամբ, մեծապէս տպաւորելով ներկաները, բարձրացնելով անոնց ուրախ տրամադրութիւնը:

satamian-3

Սինան Սինանեանի Ողջոյնի Պատգամը

Գրիգոր Սաթամեանի պաշտօնավարութեան 40-ամեակի նշումին նուիրուած այս հաւաքոյթը, անշուշտ առիթ է անդրադառնալու Հ.Բ.Ը.Մ.ի մշակութային գործունէութեան մէջ Սաթամեանի ունեցած դերին, եւ գնահատելու անոր ներդրումները, յատկապէս իբր արուեստի բաժնի ընդհանուր տնօրէն:

Այդ մասին սակայն մէկէ աւելի առիթներով անդրադարձած ենք արդէն: Նաեւ, ազգային, եկեղեցական եւ հայրենական տարբեր մարմիններ յատուկ շքանշաններով եւ գնահատագրերով իրենց երախտագիտութիւնը եւ համակրանքը յայտնած են Գրիգոր Սաթամեանի փայլուն վաստակին ու ծառայութիւններուն համար:

Այսօր, ինչպէս ձեզմէ շատերը, ես կ’ուզեմ քանի մը խօսք ըսել յատկապէս Գրիգորի անձին, իր մարդկային յատկանիշներուն եւ բնաւորութեան գիծերուն մասին, որոնք մեծ դեր ունեցած են իր յարաբերութիւններուն եւ կազմակերպչական նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Այդ յատկանիշները դրսեւորուած են սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ մշակութային կեանքը եւ գործունէութիւնները համեմող անձնական յարաբերութիւններով, ստեղծուած բարեկամական կապերով, ելոյթներու փորձերուն ընթացքին կամ բեմադրութիւններէ վերջ ընկերային մտերիմ հաւաքոյթներու, ճամփորդական յուշերու եւ հաճախ պատմուող զաւեշտական դրուագներու մէջբերումներով:

Առանց իր արուեստագէտի անուրանալի տաղանդը կամ կարողութիւնները թերգնահատելու, կարելի է ըսել, որ Գրիգոր Սաթամեանը զինք ճանչցողներու շրջանակին մէջ աւելի ծանօթ է որպէս հաղորդական, անկեղծ, անմիջական, ուշիմ, սրամիտ, չափազանց սրատես, տեսնող բայց չտեսնելու եկող ու ներողամտութեամբ եւ թաւշեայ ապտակներով հակադարձող, հաճելի եւ փնտռուած անձ մը, որ իր ներկայութեամբ միշտ զուարթացուցած է իր շրջապատը:

Ամփոփելու համար անցնող քանի մը տասնամեակներուն Գրիգոր Սաթամեանի դերը Հ.Բ.Ը.Մ.ի կատարողական արուեստներու մարզին մէջ, պիտի փորձեմ քանի մը արագ նշումներ ընել:

Գրիգոր Սաթամեանի անունը սերտօրէն կապուած է 60-ական թուականներէն ասդին երկարող ժամանակաշրջանին, Հ.Բ.Ը.Միութեան կատարողական արուեստներու զարգացումներուն:

Բառին ամբողջական առումով, ան իր տաղանդով փայլելու եւ անձնապէս ճանաչում ապահովելու կարելիութիւնները զոհաբերած է հայկական համայնքներու մէջ արուեստի ճաշակ մշակելու եւ զարգացնելու ճիգին:

Գործունէութիւն մը, որ իր անձին համար ապերախտ, բայց Միութեան եւ հայկական համայնքներուն համար եղած է, յաճախ ոչ ակնյայտ, բայց մեծապէս արդիւնաւոր եւ բեղմնաւոր:

Գրիգոր Սաթամեանը կրնանք լաւապէս պատկերացնել իբր մեղու:

Ան աշխատասիրութեամբ եւ հետեւողականօրէն՝

• Կատարած է տարբեր մշակոյթներու հեղինակներու գործերէն եւ կատարողական արուեստի նմուշներէն հայացումներ, հմուտ պատշաճեցումներով

• Իրականացուցած է բազմաթիւ բեմադրութիւններ ___

• Պատրաստած ու քաջալերած է դերասաններ եւ դերասանուհիներ-

• Բեմի վրայ «սաթամեանականացուցած» է համաշխարհային թատերական տիպարներ,

• Շարունակաբար զուարճացնելով, յուզելով, հմայելով եւ անզգալաբար դաստիարակելով իր ունկնդիր եւ դիտող հազարաւոր հանդիսականները:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխարհատարած բնոյթը կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ տարբեր գործունէութիւններու միջոցաւ սփիւռքի հայկական համայնքները իրարու կապելու ուղղութեամբ:

Այս առնչութեամբ եւս Գրիգոր Սաթամեանը իբր կատարողական արուեստներու բաժնի ընդհանուր տնօրէն իր պաշտօնավարութեան միջոցին, մեղուի դեր կատարած է:

Թատերական նոր խումբեր հիմնելու եւ արուեստի գործունէութիւններ ծրագրելու համար զանազան համայնքներ այցելութիւններուն ընթացքին, շնորհիւ իր հաճելի եւ համակրելի բնաւորութեան եւ մարդասիրական գիծերուն, ան մնայուն կապեր եւ հաղորդակցութիւն մշակած է համայնքներուն միջեւ, զանոնք իրենց իւրայատկութիւններով եւ տեղական ճաշակով ու համերով ծանօթացնելով իրարու:

Գրիգոր Սաթամեան կրցած է տիրել ժողովուրդի սրտին եւ տեղ գտնել հոն, ինչ որ արուեստագէտի մը համար անկեղծ սիրոյ եւ լաւագոյն գնահատանքի վարձատրութիւնն է անկասկած:

Այս առթիւ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով իմ գնահատանքի խօսքիս առընթեր, կը փոխանցեմ նաեւ իմ բարեկամական ջերմ զգացումներս Գրիգոր Սաթամեանին, ըսելով Վարձքդ կատար եւ եռանդը անսպառ սիրելի Գրիգոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment