Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պաշտօնական Այցը Վրաստան Աւարտին Հասած է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պաշտօնական Այցը Վրաստան Աւարտին Հասած է

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Վրաստան արդէն աւարտին հասած է:

Հայաստանի վարչապետը նախաճաշած է վրացի գործարարներու հետ, քննարկուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային հարցեր, ապա Նիկոլ Փաշինեանը այցելած է «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» մշակութային կեդրոն։ Այստեղ Հայաստանի վարչապետի համար Թումանեանի մոթիւներով տիկնիկային ներկայացում պատրաստած են։

Հայաստանի վարչապետը նաեւ ճաշած է վրացահայ գործարարներու հետ։

Կառավարութեան տեղեկատուութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀ վարչապետը անոնց ներկայացուցած է տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, փտածութեան դէմ պայքարի, եւ ընդհանուր առմամբ, գործարար միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն, որոնք գործադիրը կը նախատեսէ կեանքի կոչել յառաջիկային:

pashinian-Javakh-5

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեանը Թիֆլիսէն ուղեւորուեցաւ Ջաւախք։

Հայ համայնքի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ դիմաւորած են վարչապետը գիւղերու մէջ, Նինոծմինտա եւ Ախալքալաք քաղաքներու մէջ։ Տարիներ շարունակ տեղացիները բարձրաձայնած են իրենց խնդիրներու մասին՝ վրացական դպրոցներու մէջ հայոց լեզուի դասաւանդման հարցեր, եկեղեցւոյ պահպանման խնդիրներ եւ այլն, կ’ակնկալուի, որ Նիկոլ Փաշինեանը այս թեմաներով քննարկումներ իրականացուցած է վիրահայերու հետ։

Ուշ երեկոյեան Վրաստանի քաղաքային խորհուրդի շէնքի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը։ Ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր վրացի գործընկեր Գիորգի Կվիրիկաշվիլին։ Վերջինս իր ելոյթի մէջ նշած էր.- «Հայ ժողովուրդը ժողովրդավարութեան սկզբունքներու նկատմամբ յայտնած է վստահութիւն, որու համար ոտքի կանգնեցաւ: Միջազգային հանրութիւնը, հետեւելով հայաստանեան իրադարձութիւններուն, ողջունեց հայ ժողովուրդի ցուցաբերած իմաստնութիւնը եւ ներքաղաքական հարցերը խաղաղ կարգաւորելու կարողութիւնը: Ամէն ինչ կը խօսի այն մասին, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները Հայաստանի յետագայ զարգացման կայուն հիմք կը դառնան»։

Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի շէնքի մէջ դեսպաններու հիւրերու առջեւ Նիկոլ Փաշինեանը եւս անդրադարձաւ հայաստանեան իրադարձութիւններուն՝ յայտարարելով. – «Հիմա արդէն մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերում է, եւ մենք բաց չենք թողնի մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերից, մենք բաց չենք թողնի այս հնարաւորութիւնը մեր ձեռքերից, որովհետեւ մենք յաղթել ենք, մենք յաղթում ենք եւ մենք յաղթելու ենք ապագայում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment