Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մասիսի Քաղաքապետն ու Փոխքաղաքապետը Ձերբակալուած են

Մասիսի Քաղաքապետն ու Փոխքաղաքապետը Ձերբակալուած են

by MassisPost

Մասիսի քաղաքապետն ու փոխքաղաքապետը ձերբակալուած են, «Ազատութեան» փոխանցած է, քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեանը:

Ըստ կոմիտէի, Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանն ու փոխքաղաքապետ Կարէն Օհանեանը կասկածանքի տակ են 22 Ապրիլին Էրեբունի վարչական շրջանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն անմիջական մասնակցութիւն ունենալու մէջ:

Սոնա Տռուզեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ գործի շրջանակներու մէջ Մասիսի քաղաքապետէն ու փոխքաղաքապետէն բացի եւս երեք անձ  ձերբակալուած է:

22 Ապրիլին Էրեբունի վարչական շրջանի մէջ տեղի ունեցած այդ իրադարձութիւնները լուսաբանող «Շանթ» հեռուստաընկերութեան լրագրող Արտակ Խուլեանը «Ազատութեան» պատմած է, որ իրեն նոյնպէս հարուածներ  հասած են: Ան ըսած է՝ յոյս չունէր, որ մեղաւորները կը պատժուին։

Յիշեցնենք՝ այդ օրը քաղաքացիական հագուստով մարդիկ, որոշները՝ բժշկական դիմակներով, յարձակած են խաղաղ ցուցարարներու վրայ, քարերով ու մահակներով հարուածած անոնց։

Այս իրադարձութիւններէն առաջ ու յետոյ մամուլը գրած էր, որ Մասիսի քաղաքապետը՝ նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի թիկնազօրի պետ Արշակ Յակոբեանի դստեր ամուսինն է:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցի խօսքով՝ այսօր նոր իրավիճակի մէջ քաղաքացիները պէտք է չձգեն ոստիկանութիւնն ու իրաւապահ մարմինները միայնակ։

Ըստ իրաւապաշտպանի, քաղաքացիները պէտք է աւելի հետեւողական ըլլան՝ աջակցելու յանցագործութիւններ կատարած անձանց բացայայտման ուղղութեամբ։

«Գործ տալու» հիմնարկը, ըստ իրաւապաշտպանի, այսօր կը դառնայ ոչ թէ արհամարհելի, այլ իրաւական համակարգի, իրաւական մշակոյթի անխուսափելի մաս։

«Եթէ նախկինում միայն լրագրողներն ու իրաւապաշտպաններն էին դիտարկում, այսպէս կոչուած յանցագործութեան մասին հաղորդում տուողներ, որոնց կարող էին որակել որպէս այսպէս կոչուած գործ տուողներ, ապա հիմա այդ գործ տալու ինստիտուտը (հիմնարկը) դառնում է ոչ թէ արհամարհելի, այլ ինքը դառնում է իրաւական համակարգի, իրաւական մշակոյթի անխուսափելի մաս։ Այսինքն՝ չպէտք է անտարբեր լինել ապօրինութեան նկատմամբ, չպէտք է անտարբեր լինել բռնութեան նկատմամբ, եւ կարծում եմ, որ այս նոր իրավիճակում, երբ որ քաղաքացիները համաժողովրդական այս շարժման արդիւնքում կարողացան հասնել իշխանափոխութեան, պէտք է նաեւ հետամուտ լինեն իրենց այդ նոյն հետեւողականութեամբ ապօրինութիւններու դէմ պայքարում, այսինքն՝ չթողնեն ոստիկանութեանն ու իրաւապահ մարմիններին միայնակ, պէտք է անտարբեր չլինել, չխուսափել։ Նախկին այդ մտածելակերպը, որ կարող է հաղորդում տուողը, ենթադրենք, հետապնդման ենթարկուի, ճնշումներու ենթարկուի, կարծում եմ, որ այդ մտածելակերպից պէտք է արդէն դուրս գանք», – ըսած է Սաքունցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment