Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան կը Վստահեցնէ Հայաստանի Մէջ Օրինականութիւն Հաստատելու Գործընթաց Տեղի Կունենայ՝ Ոչ Վրէժխնդրութիւն

Փաշինեան կը Վստահեցնէ Հայաստանի Մէջ Օրինականութիւն Հաստատելու Գործընթաց Տեղի Կունենայ՝ Ոչ Վրէժխնդրութիւն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին, անդրադառնալով ԱԺ ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի սուպերմարքէթներու ցանցի մէջ ԱԱԾ կողմէ իրականացուող ստուգումներուն, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ օրինականութիւն հաստատելու գործընթաց է:

«Այն, ինչ մենք յայտարարել էինք, որ վենդետաներ (վրէժխնդրութիւն) չեն լինելու, ես դա վերահաստատում եմ: Բայց յանկարծ որեւէ մէկը չփորձի դա ընկալել որպէս թուլութեան նշան: Այսինքն՝ վենդետաներ չեն լինելու, բայց ամենաթողութիւն էլ չի լինելու: Եթէ որեւէ մէկը մեր այս դիրքորոշումը կը փորձի մեկնաբանել որպէս թուլութեան նշան, ջախջախիչ հակահարուած կը ստանայ»,- ըսած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան բոլորին կոչ ըրած է լրջանալ եւ պետութեան նկատմամբ իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները կատարել անմնացորդ:
«Բոլորն ազատուած են բոլոր կոռուպցիոն (փտածութիւն) պարտաւորութիւններից, բայց ոչ մէկը չմտածի, թէ կարող է պետութեանը խաբել: Եւ ես բոլորին կոչ եմ անում, որ իրենք կամաւոր գան այդ դաշտ, նախկինում չվճարած հարկերը վերահաշուարկեն: Եւ թող այդ ամէն ինչը ԱԱԾ-ի միջոցով տեղի չունենայ: Այո, ԱԱԾ-ն ինչ խնդիր դրուած է, կը լուծի այդ խնդիրը՝ շատ արագ ու կոշտ, օրինական ճանապարհով, բայց ես բոլորին կոչ եմ անում չհասցնել դրան», յայտարարած է վարչապետը:

Խորհրդարանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը հրաւիրուած էր տօնական միջոցառումներուն:

«Որոշակի թիւրիմացութիւն է եղել, որը ցաւալի թիւրիմացութիւն է: Եւ ես հասկանում եմ, որ Հայաստանում աւանդոյթ կայ բոլոր հարցերը վարչապետի մակարդակով քննարկել եւ լուծել, ընդհուպ փողկապի գոյնը, թէ դէմքի ինչ արտայայտութիւն ունեն: Եւ քանի որ հիմա գործող վարչապետը հարկ չի համարում բոլոր մանրամասների մէջ մտնի, թէ ով ինչ ասի, ինչ խօսի, դէմքի ինչ արտայայտութիւն ընդունի, այդպիսի թիւրիմացութիւններ կը լինեն»,- ըսած է Փաշինեան:

Ըստ Փաշինեանի՝ համակարգը այն թուլութեամբ կը գործէ, որ իշխանութիւնը խնդիր ունի ընդդիմութեան համար տհաճութիւններ ստեղծելու: Բայց, ըստ Փաշինեանի, այդ տրամաբանութեամբ պէտք չէ գործել:

Փաշինեանը նաեւ նշած է, որ 28 մայիսի միջոցառումներու հետ կապուած, ի հարկէ, խնդիրներ կային, որոնք պէտք է շտկուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment