Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Նորֆոլկի» Տնօրէնը, Գլխաւոր Հաշուապահը եւ Հաշուապահական Ծառայութեան Ղեկավարը Կալանաւորուած են

«Նորֆոլկի» Տնօրէնը, Գլխաւոր Հաշուապահը եւ Հաշուապահական Ծառայութեան Ղեկավարը Կալանաւորուած են

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան միջնորդութեամբ կալանաւորուած են «Նորֆոլկ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն՝ 51-ամեայ Արմէն Ունանեանը, ընկերութեան գլխաւոր հաշուապահ՝ 32-ամեայ Տիգրան Զօհրապեանը եւ ընկերութեան հաշուապահական ծառայութեան ղեկավար՝ 27-ամեայ Սիմոն Առաքելեանը:

«ՆորՖոլկ»ի կալանաւորուած տնօրէն Արմէն Ունանեանի փաստաբան Սամուէլ Անտրիասեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշած է, որ իր պաշտպանեալին մեղադրանք ներկայացուած է Քրէական օրնէսգրքի 205-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով՝ օրէնքով սահմանուած հաշուետուութիւնը, հաշուարկը, յայտարարագիրը կամ հարկման հիմք հանդիսացող հարկը, տուրքը, պարտադիր այլ վճարը հաշուարկելու կամ վճարելու պարտաւորութիւն առաջացնող պարտադիր այլ փաստաթուղթը օրէնքով սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ չներկայացնելը: Փաստաբանը առայժմ չէ պատասխանած հարցին՝ արդեօ՞ք Ունանեանը ընդունած է մեղադրանքը:

Մինչդեռ, ընկերութեան գլխաւոր հաշուապահ Տիգրան Զօհրապեանի եւ հաշուապահական ծառայութեան ղեկավար Սիմոն Առաքելեանի փաստաբան Արմէն Անդրիկեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին պնդած է, որ իր պաշտպանեալներուն ներկայացուած մեղադրանքները անհիմն են, քանի որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այդպէս ալ չէ հիմնաւորուած, թէ ինչպէս անոնք աջակցած են հարկեր տուրքեր վճարելէ խուսափելու գործընթացին: Հետեւաբար, փաստաբանի խօսքով, անոնք չեն ընդունիր ներկայացուած մեղադրանքը:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան յայտարարած է, թէ փտածութեան դէմ պայքարի մէջ առաջիկայ օրերուն նոր բացայայատումներ պիտի ըլլան: «Բոլոր ապօրինի հարստացածները, կոռուպցիոն սխեմաներով աշխատողները, կոռումպացուած պաշտօնեաները կը պատժուեն»,- հաւաստիացուցած է ԱԱԾ տնօրէնը:
Հարցին՝ փսածութեան դէմ անզիջում պայքարի շրջանակներու մէջ պիտի ըլլան արդեօք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ձերբակալութիւններ, Արթուր Վանեցեանը հարցով պատասխանած է․ «Ո՞ւմ են լրագրողները բարձրաստիճան պաշտօնեայ համարում»: Հարցին՝ ՊԵԿ-ի հետ առընչութիւն ունեցող փտածութեան բացայայտման գործով հարցաքննութեան պիտի կանչուի՞ն, օրինակ, ՊԵԿ նախկին նախագահ Վարդան Յարութիւնեանը եւ նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, Արթուր Վանեցեանը պատասխանած է՝ ամէն ինչ հնարաւոր է, նախաքննութիւնը կ’ընթանայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment