Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պանդուխտ Սարդարապատի Ճակատամարտին Մէջ

Պանդուխտ Սարդարապատի Ճակատամարտին Մէջ

by MassisPost

Ստորեւ կը կու տանք հատուածներ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի վերջերս լոյս տեսած «Պանդուխտ» հատորէն, որ նուիրուած է Հնչակեան գործիչ եւ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներէն Պանդուխտի կեանքի ու գործունէութեան:

ԵՂԻԿ ՃԵՐԵՃԵԱՆ

18 Մայիս 1918ին, թրքական բանակները  Ալեքսանդրապոլէն յառաջ կը շարժին երեք ուղղութիւններով` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ:

Եաքուպ Շեւքի փաշայի հրամանատարութեամբ գործող թրքական բանակը եւ անոր թիկունքի քրտական անկանոն զօրագունդերը, ընդհանուր հաշուով շուրջ 6000  կռուող, Շիրակի եւ Արարատեան դաշտերով կը յառաջանան դէպի Էջմիածին եւ Երեւան:

19 Մայիսին, թրքական բանակին դիմակայելու համար, Երեւանի պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատար զօր. Մ. Սիլիկեանի հրամանատարութեան տակ Էջմիածնի մէջ կը կազմուի Սարդարապատի Զօրաջոկատը, որուն հրամանատար կը նշանակուի գնդ. Դանիէլ Բէկ Փիրումեան: Սարդարապատի Զօրաջոկատին մէջ կը մտնեն հրաձգային 5րդ գումարտկը (Մահապատրներու Գումարտակ), հրամանատար` Պօղոս Բէկ Փիրումեան. հրաձգային 6րդ գումարտակին կէսը` 800 կռուող, հրամանատ` գնդ. Դուլուխանեան հրաձգային  4րդ գումարտակէն մէկ վաշտ, գնդապետեր` Պերեկրիոստովի եւ Սիլինի, հետեւակային զօրամասերը (Պերեկտրիոստովի Փարթիզաններ)` 1700 կռուող զօր. Արարատեանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործող հայկական հրետանային կազմը` սպաներ Սաքելիարիի,  Կլիչի, Աթանասեանի, Գարաքէշիշեանի հրետանային չորս մարտկոցներով (16-20 թնդանօթ), շուրջ 200 թնդանոթաձիգ եւ յարակից ուժեր Զէյթունի Հեծեալ գունդը` 300 կռուող, հրամանատար` գնդ. Սալիբէկով, Վանի Ա. եւ Բ. Գունդերը` 700 կռուող. Յատուկ Հեծեալ գունդը, հրամանատար` Ամիրխանեան. Մակուի գունդը Իգդիրեան հետեւակային գունդը, Երզնկայի գումարտակը` 700 կռուող, հրամանատար` Կարօ Ղազապաշեան (Հասան Փաշայեան):

Դէպի հարաւ` Արարատեան դաշտ ուղղուող թրքական բանակին դէմ ինքնապաշտպանական առաջին   մարտերը կը մղեն Շիրակի գիւղացիները, հիմնականին մէջ` Սոգիւթլուի (Սառնաղբիւր) եւ շրջակայ Տաշղալէ (Քարաբերդ), Մոլակէօքչա (մարալիկ), Շիրվանջուող (Լեռնակերտ) գիւղերու  բնակիչները, ուր տեղակայուած էին նաեւ մեծաթիւ գաղթականներ:

16-22 Մայիսին,  Շիրակի դաշտի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպողներու շարքին կը յիշատակուի նաեւ Պանդուխտ: Ժամանակակիցներէն սոգիւթլուցի Յարութ Անդիկեան կը յուշագրէ, թէ Պանդուխտ եւ արեւմտահայ այլ հայդուկապետեր «մեր եւ միւս գիւղերում յաճախ էին լինում»: Շիրակի գիւղացիներուն եւ հայ հայդուկապետերուն միջեւ ստեղծուած գործակցութեան շնորհիւ հնարաւոր կ’ըլլայ Շիրվանջուղ-Սոգիւլու-Թաշղալէ-Մոլակէօքչա լեռներուն վրայ ստեղծել շուրջ 14 քմ. երկարող պաշտպանական գիծ մը: Այս կապակցութեամբ ակադ. Հենրիկ Մելիքեան կ’եզրակացնէ. «Պատմական նիւթերի յայտնաբերումը, դրանց նորովի, անկողմնակալ մեկնաբանումն ու գնահատումը մեզ հանգեցրել է այն հետեւութեան, որ 1918 թ. Մայիսի Շիրվանջուղ-Մոգիւթլու-Տապդալա պաշտպանական գծի ստեղծումը, Սոգութլուում ու դրա շրջակայ լեռներում Սասունից, Մուշից,  Խնուսից, Ալաշկերտից, Բասենից այստեղ հասած Շիրակի, Արագածոտնի գիւղերում ապաստանած մի քանի տասնեակ հազար փախստականների ու տեղական բնակչութեան գոյապայքարի ոգին, գլխաւոր կազմակերպիչը Պանդուխտն էր` Միքայէլ Սեֆերեանը» (1):

Յիշեալ շրջաններու ինքնապաշտպանութեան  ղեկավարութեան ծրագիրին  համաձայն, առաջին հերթին բնակչութիւնը, գաղթականներն ու կռուողներուն մեծ մասը կը բարձրանան շրջակայ լեռները եւ կը տեղաւորուին ապահով վայրեր: Գիւղերուն մէջ,  ուրկէ պիտի անցնէին թրքական բանակին ստորաբաժանումները, կը մնան փոքրաթիւ կռուող ուժեր: Ասոնք, անակնկալ հարուածներ տալէ ետք թրքական բանակին, նոյնպէս կը քաշուին լեռնային դիրքերը:

Ինքնապաշտպանութեան դիմելու Շիրակի դաշտի բնակչութեան  համարձակութիւնը զօր. Սիլիկեանի կողմէ նկատի կ’առնուի եւ ատիկա կ’օգտագործուի հայկական բանակի ընդհանուր մարտավարութեան մէջ: Ասոր լաւագոյն վկայութիւնը այն է, որ Շիրակի գիւղերէն  եկած հայկական բանակի զինուորներուն կը թոյլատրուի մեկնիլ իրենց գիւղերը եւ մասնակցիլ ինքնապաշտպանութեան, որոնք իրենց հետ կը բերեն նաեւ նկատառելի քանակութեամբ զինամթերք: (2): Ինքնապաշտպանական այդ կռիւները իրենց վրայ կը բեւեռեն թրքական բանակին ուշադրութիւնը:  Այս ընթացքին, Սարդարապատի զօրաջոկատը տեղաշարժեր կատարելու եւ դիրքաւորուելու համար կը շահի որոշակի ժամանակ:

Շիրակի ընդդիմադրութիւնը նախերգանքն էր Սարդարապատի ճակատամարտին: Հոն գործող ուժերը սակայն  բաւարար չէին վերջնականապէս կասեցնելու թրքական բանակը, որուն հիմնական թեւը կը շարունակէ իր առաջընթացը, կը մտնէ Արարատեան դաշտ եւ 21 Մայիսին, առանց լուրջ  ընդհարումի, կը գրաւէ Սարդարապատ կայարանը:

Մայիս 22ի առաւօտեան, հայկական  բանակը կ’անցնի հակայարձակման: Մահապարտներու Գումարտակը, Պրեկիոստովի Փարթիզանները, Իդգիրեան Հետեւական գունդը, Զէյթունի Հեծեալ գունդը  կու գան Քէօրփալուի (Արշալոյս) եւ Ղուրդուղուլի (Արմաւիր) իրենց դիրքերէն եւ ուժին կը հարուածեն Ղամշլուի (Եղէգնուտ) շրջակայքը գտնուող թրքական բանակին: Կողբի եւ Թալինի ուղղութեամբ շարժող Մահապարտներու Գումարտակը կ’ազատագրէ Ուջան եւ Բաշ Խորաբ գիւղերը ու երեկոյեան կը մտնէ Գոշ գիւղը (3): Հայկական բանակը կը վերագրաւէ Սարդարապատի կայարանը: Թրքական բանակները անկազմակերպ` կը նահանջեն 15-20 քմ.:

Այս յաղթանակը բարոյական մեծ լիցք կը հաղորդէ հայ բանակին եւ ժողովուրդին: Կը փշրուի թրքական բանակներէն անվերջ պարտուելու  բարդոյթը: Միանգամայն կ’այլափոխուի յաջորդական պարտութիւններու  ծանր մղձաւանջին տակ  կքած թիկունքը: Ամէն կողմէ կամաւորներ, մեծ մասը սեփական զէնքերով, կը փութան ռազմաճակատ: Դասալիքները ինքնակամ կը վերադառնան բանակ: Ժողովուրդը հաց, ուտեստեղէն, ջուր, զինամթերք եւ ինչ որ անհրաժեշտ է` սրտաբուխ կը հասցնէ կռուողներուն:

Հայկական  բանակը նահանջող թրքական բանակը մինչեւ վերջ հալածելու եւ զայն դիրքաւորուելու եւ վերադասաւորուելու առիթէն զրկելու մարտավարութեան չի դիմեր: Ան կանգ կ’առնէ: Ըստ երեւոյթին, Երզնկայէն-Սարդարապատ հայկական բանակին կրած  իրարայաջորդ պարտութիւնները, երբեմն շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու տակ, բանակի վճռական որոշումներ առնելու համարձակութիւնը: Այս առիթէն օգտուելով թրքական բանակները կ’ամրանան Արաքս կայարանէն 5-6 քմ. հիւսիս-արեւմուտք`  Չիմնի Ղըռ (440րդ բլուր) եւ Թուլքի Տափա բարձունքներուն վրայ:

Մայիս 24ին, թուրքերը, պահեստային ընտիր ուժերով համալրուելէ  ետք, կը փորձեն վերատիրանալ  իրենց կորսնցուցած դիրքերուն եւ կ’անցնին յարձակման: Հայկական հրետանիին դիպուկ հարուածներուն տակ անոնք կանգ կ’առնեն ու կը վերադառնան իրենց ելման դիրքերը:

Մայիս 25ին, հակայարձակում կը կազմակերպէ հայկական բանակը, այս անգամ թուրքերն են, որ գործի կը դնեն գերմանական կատարելագործուած գնդացիրները եւ կը խափանեն յարձակումը, (այս հակայարձակումը կը վերագրուի հրաձգային 5րդ գունդի քաջարի սպաներէն Վարդան Ջաղինեանին նախաձեռնութեան, որուն ընթացքին հայկական բանակը կու տայ 56 զոհ, ներառեալ` Վ, Ջաղինեանը): Նոյն երեկոյեան գնդ, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի գլխաւորութեամբ, Սարդարապատի Զօրաջոկատի հրամանատարութիւնը կը մշակէ եւ գործադրութեան կը դնէ թրքական բանակը շրջանցելու եւ թիկունքէն հարուածելու մարտավարութեան յատակագիծ մը:

Պատմաբան Երուանդ Սարգիսեան այս շրջանցումին մասին կը գրէ, «Ստեղծուեց հարուածային զօրախումբ ¤գնդ, Կ, Հասանփաշայեանի ¤Ղազաբփաշեան¥ հրամանատարութեամբ, զօրախմբի կազմում էին Երզնկայի հետեւակային գունդը, Մակուի առանձին գումարտակը, երկու էսկադրոն, Խնուսի գնդի մէկ վաշտ եւ 4 հրանօթ¥, որոնք Պանդուխտի (Միքայէլ Սերեան) գլխաւորած մշեցիների ջոկատի հետ շրջանցելով թուրքերին, Մայիսի 27ին հարուածեցին նրանց թիկունքից, միաժամանակ հայկ, հիմն, ուժերը հարուածեցին ճակատից» (4):

Խզնաուզի ջոկատի կազմին եւ գործունէութեան մասին իւրայատուկ տեսակէտ ունի Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակից,  թնդանօթաձիգ սպայ, գնդ, Արթիւր Այվազեան: Ան Սարդարապատի ճակատամարտը կը բաժնէ երկու ինքնուրոյն մասերու` Սարդարապատ եւ Խզնաուզ, ապա կը խօսի «Սարդարապատի եւ Խզնաուզի ռազմաճակատներու յաղթանակներուն» (5) մասին, (գիրքը կը կոչուի «Հայկական յաղթանակները Խզնաուզի եւ Սարդարապատի Մէջ»): Ա. Այվազեանի համաձայն, «Խզնաուզի ջոկատը կը կազմէին եկու զօրամիաւորներ` Կ. Ղազապաշեանի Երզնկայի գումարտակը եւ Սաքիլիարիի հրատանային մարտկոցի կէսը (երկու թնդանօթ): Երզնկայի գումարտակը յաջողութեամբ կը կատարէ իր շրջանցումը եւ Մայիս 23ի կէսօրէին շեշտակի հարուածի տակ կ’առնէ թրքական բանակին ծայրագոյն ձախ թեւը, կռիւին իրենց շատ դիպուկ հարուածներով կը միանան Սաքիլիարիի թնդանօթները: Թրքական բանակին ձախ թեւը անսպասելի եւ շեշտակի հարուածներէն կ’երերայ ու կը սկսի նահանջել: Այս տեղ կ’աւարտի Խզնաուզի յաղթանակը»:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ Սարդարապատի ճակատամարտին ռազմական վերլուծութեան մէջ` շրջանցման այս գործողութեան մասին կ’ըսուի. «Ժամը 14ին տեղեկութիւն ստացուեց, որ Խզնաուզի ճակատը (ջոկատը Ե.Ճ.) (Երզնկայի գունդ) յաջողութեամբ շրջանցում է թուրքերի ձախ թեւը: Այդ նոյն ժամանակ նրանից աջ յարձակուող Կոշի ջոկատը (մակուի գումարտակ), չկարողանալով յաղթահարել, թշնամու դիմադրութիւնը Ներքին Կարակուրտ գիւղի մօտ`  ստիպուած կանգ առաւ, նրան որպէս օգնութիւն` Երզնկայի գնդի հրամանատար, կապիտան Կ, Հասան-Փաշայանի կողմից ուղարկուեց երկու վաշտ» (6): Սա բնականաբար կը դժուարացնէ Երզնկայի գունդին արագ տեղ հասնիլը եւ կը պակսեցնէ անոր հարուածող ուժը: Ասկէ զատ, շրջանցման գործողութեան դիմագրաւած մէկ այլ դժուարութեան մասին ուշագրաւ տեսակէտ կը յայտնէ պատմաբան Յ. Թուրշեան. «Կոշ գիւղից, որտեղ գտնւում էր այդ զօրամասը, դէպի ամենամօտակայ` 440րդ բարձունքը ուղիղ գծով 35 քքմ, է: Զօրամասը պիտի շարժուէր շրջանց ճանապարհով` Արագածի ստորոգին լանջերով: Այդպիսով հեռաւորութիւնն աւելի է մեծանում`  հասնելով 45-30 քմ.: Եթէ Հասան Փաշայանի զօրամասին, որ հեծելազօր չէր, յաջողուէր անգամ մէկ գիշերուայ ընթացքում կտրել այդ մեծ տարածութիւնը, ապա տեղ հասնելով նա միագամայն անպէտք կը լինէր մարտական յաջող գործողութեան համար» (7):

Այս դժուարութիւնները դիմակալելէ ետք, Խզնաուզի ջոկատն ու Սաֆիլիարիի թնդանօթները շեշտակի կը հարուածեն թրքական բանակի թիկունքը, որ կ’իյնայ շփոթութեան մէջ: Ճիշտ այդ պահուն Պանդուխտ կը դիմէ վճռական յարձակման: Խումբի սիրուած մարտիկներէն Վաղարշապատցի Մերքուշի նահատակութիւնը աւելի կը բորբոքէ անոնց վրէժխնդրութիւնը (8) եւ 200-300 հոգինոց թարմ, վրէժխնդիր եւ զինավառ հեծելագունդը սրընթաց սուսերամարտի կը մտնէ շփոթահար թուրք զինուորներուն հետ որոնք ռուսական հեծելազօրին հետ մարտի բռնուելու հանդէպ հինէն նախապաշարում ունէին: «Գնդապետ Ղազապաշեանի գումարտակն սկսում է իր անցումը, սակայն դեռ տեղ չհասած, Փիրումեանի 5րդ եւ Պերեկրիոստովի պարտիզանական գնդերէն առանց որեւէ գնդակ արձակելու արդէն գրաւել էին յիշեալ բարձունքը: Հնչակեան մշեցի Պանդուխտը Վերին Թալինից ու մաստարայից իջնելով իր 200 մշեցի հեծեալներով եւ աշխարհազօրայիններով համալրելով իր շարքերը, Մայիսի 26ին թիկունքից գրոհել էր 440-րդ բարձունքի վրայ, վերցրել մի թնդանօթ, գերել սպաների, կոտորել եւ փախուստի մատնել մնացածներին: Հետապնդման աղմուկ-աղաղակի վրայ սարերի ծերպերից իջնում են թուրքական զօրամասերի կողմից մինչեւ այդ օկուպացուած Սոգութլու, Կրմըզլու, Դադալու եւ գիոզլու գիւղերի սարերը փախած զինուած տղամարդիկ եւ Պանդուխտին միանալով հետապնդում ու ջախջախում են «Գելիբոլու» դիվիզիայի խուճապահար փախչող ասկեարին: Հայ կադրային զօրքին մնում էր միայն ամրապնդել յաղթանակը, գրաւել թշնամուց մաքրուած տերիտորիան եւ Մայիսի 28ին հասնել Աղին Կայարան» (9):

Պանդուխտի այս յանդուգն գործողութեան առաջին անդրադարձողներէն կ’ըլլայ հայկական բանակի պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»ը, որուն Սարդարապատի յաղթանակի երկրորդ ամեակին նուիրուած թիւին մէջ ճակատամարտի մասնակիցներէն Վարազդատ Թռչունեան կը գրէ, «Մեր թնդանօթները մեր շղթայի հետեւից ռմբակոծում էին թուրքերին, Պանդուխտը իր 200 հոգի մշեցի ձիաւորներով աջից հարուածում էր օսմանցիներին, խլել էր նրանցից մի թնդանօթ եւ գերի վերցրել 4 օսմանցի սպայ: Սարդարապատի մօտ գլխաւոր շղթան առանց մի գնդակ արձակելու առանց մի զոհ տալու մօտեցաւ բլուրին, թուրքերը սարսափած, փախան,  թողնելով դիակներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ… Այդ վերջին կռուին, ասացի ոչ մի զոհ չենք տուել, միայն թեթեւ կերպով վիրաւորուել էր մի տելեֆոնիստ» (10):

Սարդարապատի ճակատամարտի զինուորական տեղաշարժերուն մասին արխիւային կարեւոր նիւթ է Սարդարապատի Զօրաջոկատի  սպայակոյտի պետ, ռուսական բանակի սպայ, ֆրանսական ծագումով (Ալզաս-Լօրէնէն) Ալեքսանդր Շնէուրի զեկուցագիրը` կազմուած ռուսերէն լեզուով մեքենագիր 5 էջերէ: Շնէուր կը գրէ. «Մայիս 27ի առտուն թուրքերուն թեւը ղրկուեցաւ առաջին  մարտկոցէն 2 թնդանօթ` Իգդիրեան գունդի 6րդ վաշտի հրաձգային ջոկատին պաշտպանութեան տակ Այդ թնդանօթները Թալինի ճամբով կ’երթան դէպի հիւսիս եւ կը դիրքաւորուին թիւ 440 բարձունքին դիմաց: պանդուխտի հեծեալները յառաջ կը շարժին եւ կռիւի կը բռնուին թուրք հեծեալներու հետ: Ժամը 9ին կը սկսի թնդանօթային նախապատրաստութիւնը. մեր հրետանին կը գործէ հիանալի: Թրքական գնդացիրները կը ստիպուին իրենց տեղերը փոխել: Ժամը 14ի մօտ տեղեկութիւն կը ստացուի, որ Երզնկայի գունդը շրջանցած է թուրքերուն թեւը: Անոնցմէ աջ, Մակուի գումարտակը յառաջ շարժիլ չէ կրցած. Կալակուտի մօտ ան հանդիպած է թրքական կրակի: Երզնկայի գունդի հրամանատարը յարձակումը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է, մակուցիներուն օգնութեան ղրկած է 2 վաշ, մնացած պահեստային ուժերը շարժած են դէպի հարաւ եւ անցած թուրքերուն թիկունքը: Հայերու երկու թեւերով յարձակման պատճառով թուրքերը խուճապահար կը փախչին դէպի Կարա-Պուրունի ճամբան, մէկդի շպրտելով իրենց հանդերձանքը: Մեր հեծելազօրը կը հետապնդէ անոնց: Ձախ զօրասիւնը հետապնդելով թուրքերուն, երկաթուղագիծի երկայնքով կը գրաւէ Արաքս կայարանը եւ Մաստարա կիսակայարանը: Աջ զօրասիւնը, որուն մէջ մտած էր Երզնկայի գունդը, երեկոյեան կը մօտենայ Մաստարա գիւղին: Պանդուխտի հեծեալները կը շարունակեն հետապնդել թշնամին Կրիզլուի եւ Գիւզլուի ուղղութեամբ եւ Մայիս 28ին կը հասնին Սոգիւթլու: Այստեղ Պանդուխտի ջանքերով կը կազմակերպուի 1000 հոգինոց փարթիզանական ջոկատ: Թուրքեր կ’իյնան խուճապի մէջ: Անոնց գումարտակները կ’անցնին Արփաչայի արեւմտեան ափը: Թրքական ջոկատներուն միջեւ կապը կը կտրուի եւ անոնք կը զրկուին ուտելիքէն եւ ջուրէն: Մայիս 28ին Սարդարապատի ջոկատի զօրամասերը կը գրաւեն Կարա-Պուրունը, Ներքին եւ Վերջն Թալինը»:

Պէտք չէ զարմանալ այն երեւոյթէն, թէ կռիւի ամենէն տաք պահուն, թրքական ցիրուցան ուժերը հալածելու շարժուն վիճակին մէջ գտնուող Պանդուխտ ինչպէ±ս կը յաջողի կազմել 1000 հոգինոց փարթիզանական խումբ: Այդ փարթիզանները Շիրակի դաշտի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ լեռները ապաստանած մարտիկներն էին, որոնք ծանօթ էին Պանդուխտին ու կը վստահէին անոր: Պանդուխտ փարթիզանական խումբ կազմելու համար յաւելեալ ճիգ չի գործադրեր, այդ կը կատարուի ինքնաբերաբար, յաղթանակի եւ վրէժխնդրութեան ինքնամոռաց մղումի մը որպէս արդիւնք: Երեւոյթը առաջին նկատողներէն` հրապարակագիր Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան) այդ մասին կը գրէ. «Պանդուխտը իր  ձիաւոր խմբով հալածելով թշնամուն, … ոգեւորուած աղաղակներով հանդիպեց լեռները քաշուած այդ շրջանի ահագին թուով զինուած հայերին, խմբելով նրանց իր շուրջը»:

Պանդուխտի շուրջ հաւաքուած  զինուորական այս ուժը կազմուած տեղանքին ու ճամբաներուն քաջածանօթ  շիրակցիներէ եւ զինավառ մշեցիներէ, կը դառնայ խուճապահար նահանջող թուրք ասկեարները  պատուհասող անսանձահարելի ուժ մը եւ զանոնք կը զրկէ վերադասաւորուելու եւ վերադիրքաւորուելու հնարաւորութենէն: Պանդուխտի ջոկատէն մշեցի Մուշեղի եւ Ա, Կիտուրի խումբերը կը մաքրազերծեն Արագածի ստորոտը գտնուող եւ թրքական յարձակողականին միացած թաթարական գիւղերը, որոնք կը յատկացուին Արարատեան դաշտի արեւմտահայ գաղթականութեան (11): «Փաստաթղթերից պարզ երեւում է, որ Պանդուխտի հեծելազօրը եւ Սոգիւթլուի շրջանում նրա շուրջը համախմբուած շուրջ 1000 «չետնիկները» (անկանոն զինեալներ – Ե. Ճ.) Սարդարապատի մօտ պարտուած թուրքերին հետապնդող գլխաւոր ռազմական ուժերի թւում են: Նրանց աւանդը Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտի ու թուրքերի խայտառակ պարտութեան մէջ ակնառու է»: այդ մասին է նաեւ Մ. Սիլիկեանի հեռագիրը Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին. «Եռօրեայ յամառ մարտերից յետոյ Սարդարապատի ուղղութեամբ Մայիսի 27ին շրջանցուած թեւերից  ջարդուած թուրքերը նահանջեցին հետապնդուելով մեր զօրքերի կողմից: Հետապնդումը տեղ էր ունենում Կարակալա կայարանի եւ Սոգիւթլու գիւղի ուղղութեամբ» (12):

Սարդարապատի ճակատամարտը կ’աւարտի հայկական զօրքի փառաւոր  յաղթանակով: Թրքական բանակներուն յառաջխաղացքը դէպի Երեւան կանգ կ’առնէ եւ հայ ժողովուրդը կը խուսափի ամբողջական ցեղասպանութեամբ մը հայրենիք ունենալէ զրկուելու ստոյգ վտանգէն: Ճակատագրական այդ յաղթանակը կը տարուի հայ ժողովուրդի գերագոյն լարումին շնորհիւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայկական բանակը, աշխարհազօրայինը, կրօնականը, բոլոր դասակարգերը, խաւերն ու կուսակցութիւնները: Ամէնքը:

Սարդարապատը առանձին հերոսներ փնտռելու վայրը չէ… սակայն ժողովուրդը, յատկապէս հայ ժողովուրդը, հերոսապաշտ է, ան կ’ուզէ  գիտնալ, ճանչնալ իր հերոսները` նոյնիսկ պարտութեան պարագային: Եթէ չկան այդպիսիները, ժողովուրդը ինք կը ստեղծէ իր հերոսները… որովհետեւ չի կրնար ապրիլ առանց անոնց: Այս դիտանկիւնէն ուշագրաւ հարցադրում մը կը կատարէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Վարանդ Փափազեան. ՎԻսկ եթէ ճիշդ է, որ Սարդարապատի ¤ եւ հայ ժողովուրդի¥ ճակատագիրը ճշդեց հնչակեան Պանդուխտը, այդ պարագային պէտք է հիմնաւորել այս արտայայտութիւնը, որպէսզի հայ ժողովուրդը, իր բոլոր զաւակներով, կանգնեցնէ անոր արձանը եւ խոնարհուի անոր առջեւ» (13):

Սարդարապատի յաղթանակին վերջին արարը, այսինքն գլուխը կորսնցուցած թրքական բանակին խուճապահար նահանջին պատկերը, ծանօթ արձակագիր Բ. Ուլուբաբեանի գրիչին տակ կը ստանայ սա ոգեւորիչ  եզրափակումը. «Չնայած գլուխ պարծացնելն էլ դիւրին բան չէր, որովհետեւ նախ թիկունքն դարձածներին թիրախ էին արել հայ հրացանաձիգները, ապա հետապնդելու հրաման ստացած հեծեալ զօրաջոկատները, աջից Պանդուխտի մշեցիներն էին հասնում ու կոտորում, ձախից Պերեկրիոստովի  պարտիզաններ, Մակեդոնի ու Թռուցիկ Յովսէփի մարտիկները: Կեդրոնում` ճակատի գծի ամբողջ լայնութեամբ Պօղոս բէկ Փիրումեանի գումարտակները, նրանք, որ Մահապարտ անուամբ էին ճակատամարտ մտել, բայց իրենց էին մահ տալիս ու տարածում, թշնամու մահ, հայոց հողն աւերողի մահ»:

*************

  1. «1918 թ. Մայիսեան Գոյապայքարի Պատմութեան Նոր Էջ», Երեւան, 2005 Հենրիկ Մելիքեան, «1918 թուականի Շիրակի Մայիսեան Գոյամարտը» էջ 58-59:
  2. Նոյն, էջ 37:
  3. Հրանդ Աւետիսեան, «Հայկական Հարցը 1918 Թուականին», Երեւան, 1997, էջ 222:
  4. Կոստանդին Խուտավերտեան (գլխ. խմբ.), «Հայկական Հարցը-Հանրագիտարան», Երեւան, 1966, էջ 406 Ե. Սարգիսեան, «Սարդարապատի ճակատամարտ»:
  5. Arthur Ayvazian, «Armenian Victories at Khznavous and Sardarabad», N.Y. 1985 p. 24-30:
  6. Ն. Սարգիսեան, Ս. Միրզոյեան, «Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան, Ղարաքիլիսա», Երեւան, 1998, Ռ. Թադէոսեան, «Սարդարապատի Հերոսամարտը, Օրագրութիւն», էջ 180:
  7. Յարութիւն Թուրշեան, «Սարդարապատի Հերոսամարտը», Երեւան, 1969, էջ 290:
  8. Արսէն Կիտուր, «Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան», Ա. հատ., Պէյրութ, 1962, էջ 480:
  9. Յարութիւն Թուրշեան… էջ 167-168:
  10. Նոյն, էջ 291:
  11. Արսէն Կիտուր… էջ 481:
  12. «1918 թ. Մայիսեան Գոյապայքարի Պատմութեան Նոր Էջ», Երեւան, 2005 Հենրիկ Մելիքեան, »1918 թուականի Շիրակի Մայիսեան Գոյամարտը» էջ 66:
  13. «Ազդակ», 28 Մայիս 1988, (բացառիկ թիւ). Վարանդ Փափազեան, «Սարդարապատի Ճակատամարտը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment