Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը Վստահեցնէ ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը Չի Հակասէր Հայաստանի Ինքնիշխանութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը Վստահեցնէ ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը Չի Հակասէր Հայաստանի Ինքնիշխանութեան

by MassisPost

Հայաստան-Եւրամիութիւն համաձայնագիրը վաւերացուեցաւ Ազգային ժողովի կողմէ, այն 1 Յունիսէն կը մտնէ գործադրման մէջ իր անցումային դրոյթներով՝ 80 տոկոսէն աւելի: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսած է ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանը:

«Հարցս ուղղում եմ վարչապետին: Թէեւ ժամանակին բարձր կարծիք չէք յայտնել համաձայնագրի մասին, ամէն դէպքում ակնյայտ է, որ այն կեանքի կոչել է պէտք, որի պարտականութիւնը ձեր կառավարութեանն է: Ի՞նչ է արել կառավարութիւնը, որ համաձայնագրի իրականացումը կեանքի կոչուի»,- հետաքրքրուած է Աշոտեանը:

Ի պատասխան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ նոյնիսկ մինչեւ համաձայնագրի ստորագրումը «Ելք» դաշինքը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ կողմերուն կոչ ընելով քաղաքական կամք ցուցաբերել ու ստորագրել փաստաթուղթը:

«Ելք» խմբակցութիւնը, ըստ անոր, ստորագրման փուլին աջակցած է ու կողմ  քուէարկած է համաձայնագրի վաւերացման:

«Դուք գիտէք, որ Հայաստանը վաւերացրել է, բայց Եւրամիութեան երկրներու կողմից վաւերացման գործընթացը ընթացքի մէջ է: Հարցը պահում ենք մեր ուշադրութեան կեդրոնում: Երէկ հարցը քննարկուել է նաեւ Կիպրոսի ԱԺ նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ: Յոյս ունենք, որ ԵՄ երկրները արագ կը վաւերացնեն փաստաթուղթը»,- պատասխանած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը ըսած է, որ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու լայն պատրաստակամութիւն կայ:

Գործընկերութեան գերակայութիւնները, ըստ Արմէն Աշոտեանի, պիտի մնան նոյնը, որոնք առաջ քաշած էր նախորդ իշխանութիւնը: Պատգամաւորը նաեւ ըսած է, որ համաձայնագիրը հատուածական կը կիրառուի, պէտք չէ սպասել ամբողջական վաւերացման:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ պէտք չէ անընդհատ դուրսի ձեռքին նային, թէ ինչքան գումար կու տան: Ան ըսած է. «Մենք Հայաստանի կարգավիճակի որոշակի փոփոխութիւն պէտք է արձանագրենք, կարողանանք ընտրել, թէ ինչ աջակցութիւն է մեզ անհրաժեշտ, ինչ չափով: Մենք մեր ընտրութեան մէջ կը լինենք առաւելագոյն արժանապատիւ, որեւէ ընտրութիւն չի կատարուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան, արժանապատուութեան հաշուին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment