Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը Խստօրէն Քննադատած է Անցնող Տարուան Ընտրութիւնները

Հայաստանի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը Խստօրէն Քննադատած է Անցնող Տարուան Ընտրութիւնները

by MassisPost

Խորհրդարանի մէջ 2017 թուականի տարեկան հաղորդումը ներկայացնելու ժամանակ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը ելոյթի մեծագոյն բաժինը նուիրած է նախորդ տարի իրականացուած խորհրդարանական, Երեւանի աւագանիի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն։

Ան յայտարարած է. «Արձանագրուել են մտահոգիչ տեղեկութիւններ ու դէպքեր ընտրակաշառքի բաժանման, վարչական ռեսուրսի (միջոց) չարաշահման վերաբերեալ»:

Թաթոյեանը յայտարարած է, որ իրենք արձանագրած են հանրային ծառայողներու, ինչպէս նաեւ դպրոցներու աշխատակիցներուն ճնշելու դէպքեր, որոշ պարագաներուն ալ ընտրողներուն վախցուցած են՝ ճշգրիտ թեկնածուի օգտին քուէարկելու նպատակով:

Կեդրոնանալով խորհրդարանական ընտրութիւններու վրայ՝ Թաթոյեանը յայտարարած է, որ չնայած օրէնքի արգելքին՝ դէպքեր արձանագրուած են, երբ նախընտրական շրջանին դպրոցներու աշխատակիցները ցուցակագրած են աշակերտներու ծնողները, դպրոցներու մէջ քարոզչութիւն կատարած են։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը պատգամաւորներուն յիշեցուցած է դպրոցներու տնօրէններու հեռախօսային ձայնագրութիւններու խայտառակ պատմութիւնը։

Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման բացայայտումը քրէական գործի հիմք չդարձաւ։ Դատախազութիւնը յայտարարած է, որ քրէական գործի հիմքեր չկան։

Թաթոյեանը յայտարարած է, որ միայն օրինախախտներուն պատասխանատուութեան ենթարկելու փաստը կ’ունենայ կանխարգելիչ նշանակութիւն եւ կը նպաստէ ընտրական գործընթացի հանդէպ հանրային վստահութեան ամրապնդման։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անդրադարձած է նաեւ լրագրողներու մասնագիտական գործունէութեան խոչընդոտման եւ բռնութեան դէպքերուն։ Յայտարարած է, որ լրագրողներու մօտ արդարացի ընկալում կայ՝ նման պարագաներուն պատասխանատուութեան մեխանիզմը լիարժէքօրէն չի գործեր, որ կը ստեղծէ անպատժելիութեան տպաւորութիւն:

Օմպուտսմէնը իր տարեկան հաղորդումը ներկայացուցած է կիսադատարկ դահլիճի մէջ։ ԱԺ փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանը նախորդ եւ այս զեկոյցի միջեւ շեշտադրումներու տարբերութեան անդրադարձած է եւ ըսած, որ այս զեկոյցէն կը հասկնայ, որ սուր խնդիրներ կան երկրի մէջ, մինչդեռ ինչպէ՞ս  կը ստացուի, որ Հանրային հեռուստաընկերութեան ներկայացուցած Հայաստանը լրիւ այլ եղած է։ Ընդդիմադիր գործիչը յայտարարած է, որ խնդիրներու մասին ի հարկէ բոլորը գիտէին, բայց երբ կը հանգուցալուծուի, ոչ ոք չէր կրնար ըսել։

Անոր պնդմամբ, համակարգային փոփոխութիւններ պէտք են, քանի որ իրաւունքի եւ պատասխանատուութեան իրաւական մեխանիզմը նախքան չէ գործած:

«Ելք» դաշինքէն պատգամաւոր Ալէն Սիմոնեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վերջին ցոյցերի ժամանակ Օմպուտսմէնի գործունէութեան համար, Թաթոյեանն ալ յայտարարած է, որ այդ օրերուն մեծ ծանրաբեռնուածութեամբ աշխատած են։

Միքայէլ Մելքումեանին ալ արձագանգելով ըսած է, որ խնդիրներու մասին իրենք մշտապէս խօսած են, իրենց համար քաղաքական փոփոխութիւնները նշանակութիւն չեն ունեցած, եւ պիտի շարունակեն նոյն սկզբունքով աշխատիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment