Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն՝ Երեք Հայազգի Թեկնածու

Թուրքիոյ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն՝ Երեք Հայազգի Թեկնածու

by MassisPost

Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայազգի երեք պատգամաւորներէն երկուքը՝ Կարօ Փայլանն ու Մարգար Եսայեանը պիտի առաջադրուին նաեւ 24 Յունիսին երկրի մէջ իրականացուելիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Փայլանը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ եռալեզու՝ հայերէն, քրտերէն ու թրքերէն գրառում ըրած է. «Բարեւ, Տիգրանակերտ: Հպարտ եմ Տիարպեքիրէն թեկնածու առաջադրուելու կապակցութեամբ»:

Թուրքական «Սապահ» («Sabah») պարբերականի փոխանցմամբ, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւոր Մարգար Եսայեանը առաջադրուած է Պոլսոյ երկրորդ շրջանի մէջ՝ 11-րդ համարի ներքոյ:

Ի տարբերութիւն Կարօ Փայլանի եւ Մարգար Եսայեանի, խորհրդարանի երրորդ հայազգի պատգամաւոր՝ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութենէն Սէլինա Տողանը չկայ առաջիկայ ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներու ցանկին մէջ:

Ուշագրաւ է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին անգամ մասնակցող՝ Մերալ Աքշէնէրի ղեկավարած ազգայնական «Լաւ» («Iyi») կուսակցութեան ընտրացուցակի մէջ եւս հայազգի թեկնածու կայ․ ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն Էլմաս Կիրակոսը առաջադրուած է Պոլսոյ երրորդ շրջանէն՝ 8-րդ համարով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment