Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Արցախի Մասնակցութիւնը Բանակցութիւններուն Պարտադիր է». ԱԳՆ Խօսնակ

«Արցախի Մասնակցութիւնը Բանակցութիւններուն Պարտադիր է». ԱԳՆ Խօսնակ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Պալայեանը մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն՝ պարտադիր պայման է յստակ, հաւասարակշիռ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար։

«Մեր խնդիրն այսօր հետեւեալն է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, որ 2003 թուականից բանակցում է Ատրպէյճանի անունից, յստակ կը գիտակցի, որ տեւական, ամուր կարգաւորմանը հասնելու ճանապարհը Ղարաբաղի հետ ուղիղ նստել, բանակցելն է», – ըսած է Պալայեանը։

ԱԳՆ խօսնակը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է՝ Հայաստանը չի հրաժարիր բանակցութիւններէն։

«Այնպէս չէ, որ մենք հրաժարւում ենք բանակցութիւններից, մենք, այո, որպէս Հայաստան, որպէս Արցախի երաշխաւոր, մենք շարունակելու ենք բանակցութիւնները՝ միեւնոյն ժամանակ ասելով, որ Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններին դա պարտադիր պայման է յստակ, հաւասարակշիռ եւ տեւական խաղաղութեանը հասնելու համար», – ըսած է Պալայեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment