Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Քննարկուած են Ֆրանքոֆոն Պետութիւններու 17-րդ Գագաթնաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Քննարկուած են Ֆրանքոֆոն Պետութիւններու 17-րդ Գագաթնաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած էր խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին քննարկուած է Ֆրանկոֆոն (ֆրանսախօս) պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովի նախապատրաստման եւ իրականացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը:

Վարչապետը կարեւորած է գագաթնաժողովի բարձր մակարդակով կազմակերպումն ու իրականացումը: «Այն իր ծաւալով աննախադէպ միջոցառում է երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Մենք պէտք է անենք ամէն ինչ, որպէսզի այդ իրադարձութիւնը լինի պատմական ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան համար»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Պատասխանատուները զեկուցած են, որ գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, նախատեսուած է նաեւ Ֆրանկոֆոնիայի գործընկեր կառոյցներու պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը։ Կ’ակնկալուի հարիւրէն աւելի պատուիրակութիւններու ժամանում, ընդհանուր հիւրերու թիւը նախատեսուած է 5000: Երկօրեայ գագաթնաժողովի մեկնարկէն երեք օր առաջ պիտի կայանայ արտգործնախարարներու համաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նաեւ մշտական խորհուրդի նիստը:  Միջոցառման  պիտի կազմակերպուի տնտեսական գործարար ֆորում՝  ֆրանկոֆոն երկիրներու ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու լայն ներկայացուածութեամբ: Պիտի ձեւաւորուի ֆրանկոֆոն աւան, տեղի պիտի ունենայ խրախճանք, պաշտօնական պատուիրակութիւններու պատուոյն պիտի տրուի պետական ընթրիք: Նշուած է, որ արդէն իսկ հաստատուած են գագաթնաժողովի խորհրդանիշը, կարգախօսը՝ «Ապրիլ միասին», պիտի մշակուի յատուկ կայք: Խորհրդակցութեան ընթացքին վարչապետը պիտի զեկուցէ ենթակառուցուածքներու ապահովման եւ տեխնիկական շարք մը այլ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment