Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր «ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը» (HDP-ԺԴԿ) ներկայացնող պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու մէջ երկրորդ փուլ անցնելու հնարաւորութիւններ ունին 2 հոգի:
Ըստ Փայլանի ընդդիմադիրներէն 2-րդ փուլ կրնան անցնիլ կամ քրտամէտ կուսակցութեան թեկնածու Սալահաթթին Տէմիրթաշը, կամ ալ քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) թեկնածու Մուհարրէմ Ինճէն:
Պոլսահայ պատգամաւորը բացառած է, որ ընդդիմադիր «İYİ» («Լաւ») կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահի թեկնածու Մերալ Աքշէնէրը կրնայ յայտնուիլ 2-րդ փուլ:
Փայլանը, յիշեցնելով Աքշէնէրի հակահայ արտայայտութիւնները, ընդգծած է, որ ինքը երբեք պիտի չքուէարկէ անոր օգտին:
«Աքշէնէրը 90-ականներուն Ներքին գործերու նախարարն էր: Այդ ժամանակ «հայու վիժած» արտայայտութիւնը կիրառած է: Հիմա ես, որպէս հայ ինչպէ՞ս ձայն տամ Աքշէնէրին: Նախապաշարմունքներ ունիմ, բայց անոնք վերացնելը Աքշէնէրի պարտականութիւնն է»:
Հայ պատգամաւորը նշած է նաեւ, որ Տէմիրթաշի բանտարկութեան համար իրաւական հիմքեր չկան եւ, դատական գործերը, որոնք յարուցուած են քիւրտ քաղաքական գործիչի դէմ, միայն քաղաքական ենթաբնաբան ունին:
«Տէմիրթաշի կալանաւորման միակ պատճառը Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանն է, որու յանձնարարականով ալ ան ձերբակալուած է»,- ըսած է Փայլան: