Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան. ««Հայի Վիժուածք» Ըսողի Օգտին Չեմ Կրնար Քուէարկել»

Փայլան. ««Հայի Վիժուածք» Ըսողի Օգտին Չեմ Կրնար Քուէարկել»

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր «ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը» (HDP-ԺԴԿ) ներկայացնող պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու մէջ երկրորդ փուլ անցնելու հնարաւորութիւններ ունին 2 հոգի:

Ըստ Փայլանի ընդդիմադիրներէն 2-րդ փուլ կրնան անցնիլ կամ քրտամէտ կուսակցութեան թեկնածու Սալահաթթին Տէմիրթաշը, կամ ալ քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) թեկնածու Մուհարրէմ Ինճէն:

Պոլսահայ պատգամաւորը բացառած է, որ ընդդիմադիր «İYİ» («Լաւ») կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահի թեկնածու Մերալ Աքշէնէրը կրնայ յայտնուիլ 2-րդ փուլ:

Փայլանը, յիշեցնելով Աքշէնէրի հակահայ արտայայտութիւնները, ընդգծած է, որ ինքը երբեք պիտի չքուէարկէ անոր օգտին:

«Աքշէնէրը 90-ականներուն Ներքին գործերու նախարարն էր: Այդ ժամանակ «հայու վիժած» արտայայտութիւնը կիրառած է: Հիմա ես, որպէս հայ ինչպէ՞ս ձայն տամ Աքշէնէրին: Նախապաշարմունքներ ունիմ, բայց անոնք վերացնելը  Աքշէնէրի պարտականութիւնն է»:

Հայ պատգամաւորը նշած է նաեւ, որ Տէմիրթաշի բանտարկութեան համար իրաւական հիմքեր չկան եւ, դատական գործերը, որոնք յարուցուած են քիւրտ քաղաքական գործիչի դէմ, միայն քաղաքական ենթաբնաբան ունին:

«Տէմիրթաշի կալանաւորման միակ պատճառը Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանն է, որու յանձնարարականով ալ ան ձերբակալուած է»,- ըսած է Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment