Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրախորհրդարանը Պրիւսելին Կոչ Ըրած է Մեծցընել Երեւանին Ցուցաբերուող Աջակցութիւնը

Եւրախորհրդարանը Պրիւսելին Կոչ Ըրած է Մեծցընել Երեւանին Ցուցաբերուող Աջակցութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ անցնող տարի ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին եւրախորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը գրեթէ միաձայն հաւանութիւն տուած է:

«Այս յանձնաժողովը, ողջ Եւրոպական խորհրդարանը անհամբեր է Հայաստանի, այդ երկրի նոր ղեկավարներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ համագործակցութիւնը ընդարձակելու համար»,- յայտարարած է Հայաստանի հարցով զեկուցող, հունգարացի Լասլօ Թոքեշը:

Քննարկումներէն առաջ յանձնաժողովը գրեթէ միաձայն հաւանութիւն տուած էր Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ անցող տարի ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին: Ողջունելով այդ քայլը՝ Եւրամիութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը ընդգծած է՝ պաշտօնական Երեւանը հաստատակամ է եւ կը փափաքի շարունակել ու խորացնել կապերը եւրոպական ընտանիքի հետ:

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ընթացքը այլեւս անշրջելի է՝ եւրոպացի պատգամաւորներու մտահոգութիւններուն ի պատասխան, յայտարարած է դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը: «Նոր կառավարութիւնը խոստացած է անել առաւելագոյնը, որպէսզի ժողովրդավարական զարգացումներն էլ աւելի սնուցուեն եւ համապատասխանեն եւրոպական լաւագոյն օրինակներին: Նիկոլ Փաշինեանի գխաւորած նոր՝ միասնութեան կառավարութիւնում կան պրոֆեսիոնալներ, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ: Մենք անհամբերութեամբ ենք սպասում Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրամիութեան աջակցութեան՝ մեր ժողովուրդի ակնկալիքներն ու սպասումներն արդարացնելու ճանապարհին»,- շարունակած է Մարգարեանը:

«Հայաստանը, որպէս պետութիւն, հասունութիւն ցոյց տուաւ, ժողովրդավարութեան բարձր աստիճան՝ յարգելով քաղաքացիներու կամքն ու  օրէնքի գերիշխանութիւնը: Եւ ես կ’ուզէի ամենայն բարիք մաղթել վիզաներու  ազատականացման շուրջ երկխօսութեան համար: Ես կ’ողջունեմ Հայաստանը ու Եւրամիութեան երկրները՝ առաւել լայն հնարաւորութիւններ տուող այս քայլը, որպէսզի թէ՛ հայաստանցիները կրնան այցելել մեր երկրները, թէ՛ եւրոպացիները մեկնին Հայաստան, որ հրաշալի երկիր մըն է՝ հարուստ պատմութեամբ ու մշակոյթով»,- ըսած է Չարլզ Թաննոքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment