Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանացի Պատմաբան Հիլմար Կաիզեր . Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Ուսումնասիրող Թուրք Գիտնականներու Թիւը Աւելի Մեծ է, Քան Հայ Գիտնականներու

Գերմանացի Պատմաբան Հիլմար Կաիզեր . Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Ուսումնասիրող Թուրք Գիտնականներու Թիւը Աւելի Մեծ է, Քան Հայ Գիտնականներու

by MassisPost

Գերմանացի պատմաբան, յայտնի ցեղասպանագէտ, թրքական արխիւները առաւելագոյնս հետազօտողներէն Հիլմար Կաիզերի խօսքով՝ Հայոց  ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումները արդէն տեղի կ’ունենան քաղաքական եւ ոչ թէ գիտական շրջանակներու մէջ:

Ան լրագրողներու հետ հանդիպման նշած է, որ  2009 թուականէն այս թեմայով գիտական քննարկումները իրենց վերջնակէտին հասած են:

«Ներկայիս մեզ հասանելի օսմանեան փաստաթղթերէն պարզ կը դառնայ, որ մէկ միլիոն 400 հազար մարդ Թուրքիոյ մէջ բնաջնջուած է»,- ըսած է ան՝ փաստելով՝ կատարուածը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու «տոտալ ոչնչացում է», սպանդ:

Հիլմար Կաիզերը նշած է, որ ուսումնասիրած է տարբեր երկրներու արխիւները, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ: «Ես 2014 թուականին Թուրքիոյ ներքին գործերու  հրաման մը հրապարակեցի, որ կը վերաբերէր հայերու ոչնչացման: Թրքական տեղեկագրերը, նաեւ գերմանականը, նաեւ անգլիական, նաեւ հայկականը կը փաստեն հայերու բնաջնջման մասին: Տարբեր արխիւները ոչ թէ պատմութեան մը մասին տարբեր բաներ կը ներկայացնեն, այլ կը ներկայացնեն այն՝ ինչ եղած է»,- ըսած է ան:

Պատմաբանը նաեւ նկատեց, որ հայ գիտնականները թրքական արխիւներով չեն հետաքրքրուած: «Ներկայիս Հայոց ցեղասպանութեան թեման ուսումնասիրող թուրք դոկտորանտներու, գիտնականներու թիւը աւելի մեծ է, քան հայ գիտնականներու եւ դոկտորանտներու թիւը: Պոլսոյ մէջ աւելի շատ միջոցառումներ կը կազմակերպուին, որոնք կը հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան Երեւանի մէջ:  Պոլսոյ մէջ աւելի շատ միջոցառումներ կը կազմակերպուին, քան Երեւանի մէջ»,- ըսած է ան՝ նկատելով, որ Պոլսոյ մէջ միջոցառումները տեղի հայերը կը կազմակերպեն:

Հիլմար Կաիզերի գնահատմամբ՝ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրման ուղղութեամբ կը կատարուի շատ լաւ աշխատանք, բայց շատ փոքր ծաւալով կ’ըլլայ: Ան յոյս յայտնեց, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ այս հարցի հանդէպ Հայաստանի մէջ վերաբերմունք կը փոխուի:

Ցեղասպանագէտը կոչ ըրած է, որ հայերը ուսումնասիրութիւնները թարգմանեն առաջին հերթին թրքերէն, յետոյ նաեւ անգլերէն: «Այս պարագային  կը կարողանաք թրքական հասարակութիւնը ուղղորդել սեփական պատմութիւնը ուսումնասիրելուն»,- ըսած է ան՝ նկատելով, որ այդ պարագային հնարաւոր կ’ըլլայ թրքական ժխտողականութեան դէմ պայքարիլ:

Հիլմար Կաիզերը նաեւ նշած է, որ շատ լաւ կ’ըլլար, որ հայաստանեան ուսումնասիրողները իրենց ուշադրութեան տակ պահէին թրքական արխիւները, որոնք բաց են:

«Ես կը կարծեմ, որ լաւ չէ, որ Հայաստանի մէջ չկայ թրքական գրականութեան հաւաքման կեդրոն, ուր այդ ուսումնասիրութիւնները կը հաւաքուին եւ կ’ուսումնասիրեն: Ինչպէ՞ս կարելի է ցեղասպանութեան ժխտման դէմ գործել, երբ այդ երկրի մէջ այդ մասին գրականութիւնը հաւաքուած չէ»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ հայկական կողմը շատ ընելիքներ ունի, որ ժխտողականութեան դէմ պայքարը  արդիւնաւէտ դառնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment