Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ամերիկեան Մամուլ․ Էրտողանի Դէմ Մահափորձ կը Նախապատրաստուի

Ամերիկեան Մամուլ․ Էրտողանի Դէմ Մահափորձ կը Նախապատրաստուի

by MassisPost

Թրքական մամուլի մէջ տեղեկութիւններ տարածուած են, թէ իսրայէլեան վարձու մարդասպաններ Էրտողանի դէմ մահափորձ կատարելու յանձնարարութեամբ կը գտնուին Թուրքիա։ Թրքալեզու մամուլը, որպէս տեղեկութեան սկզբնաղբիւր, յղում կատարած է ամերիկեան ռազմական «Veterans Today» լրատուակայքին։

«ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները արդէն համոզուած են, որ առանց Էրտողանին սպաննելու չեն կրնար յարձակիլ Պարսկաստանի վրայ։ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ, եթէ Էրտողանը անոր կողքին չըլլայ, չի կրնար Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատին աջակցութիւն ցուցաբերել կամ զէնք մատակարարել Պարսկաստանին»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Էրտողանը Կազզայի հատուածին մէջ պաղեստինցի ցուցարարներու եւ իսրայէլցի զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած բախումները որակած էր որպէս ցեղասպանութիւն, իսկ Իսրայէլը բնութագրած որպէս ահաբեկչական պետութիւն։ Ի պատասխան՝ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանյահուն ալ Թուրքիան մեղադրած էր «Համաս»-ի ամենամեծ աջակիցներէն մէկը ըլլալու մէջ։

Աղբիւրը համոզմունք յայտնած է, որ Էրտողանը ամէնէն անկանխատեսելի առաջնորդներէն մէկն է, իսկ Թուրքիան՝ ՆԱՏՕ-ի ամենակարեւոր ուժային կեդրոններէն մէկը։ «Բայց չնայած անոր՝ ԱՄՆ-ը Թուրքիոյ հետ կը վերաբերի որպէս փողոցային մարմնավաճառ»,- նշած է հեղինակը։

Աղբիւրի համաձայն՝ Էրտողանը լաւ կը գիտակցի, որ ԱՄՆ-ը Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու գլխաւորութեամբ ահաբեկչական խմբաւորում ստեղծած է եւ զէնք ու զինամթերք կը մատակարարէ այդ կառոյցին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment