Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ցեղասպանութիւն» Ըսելու Համար Կարօ Փայլանի Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած է

«Ցեղասպանութիւն» Ըսելու Համար Կարօ Փայլանի Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած է

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ քրէական օրէնսգրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է:

Անգարայի հանրապետական դատախազութեան կողմէ կազմուած պահանջագրի մէջ նշուած է, որ Փայլանը Գանատայի հայկական «Horizon Weekly» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ «Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւն իրականացուած է եւ այն դեռ կը շարունակուի»: Այս յայտարարութեան հետ կապուած հայ օրէնսդիրի դէմ բողոք ներկայացուցած է թուրք փրոֆէսօր Այգիւն Աթարը:

Թուրքիոյ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածը կ’ենթադրէ, որ յանցանք գործած պատգամաւորը չի կրնար հարցաքննուիլ, ձերբակալուիլ կամ կալանաւորուիլ առանց խորհրդարանի համապատասխան որոշման: Հետեւաբար, դատախազութիւնը պէտք է յատուկ դիմում ուղարկէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան, որպէսզի վերջինն ալ դիմէ խորհրդարանի նախագահութեան:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութիւններ կայացուելէ յետոյ հարցը քննարկման կը դրուի յատուկ յանձնաժողովին, որու կազմի մէջ են խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան հարցերով յանձնաժողովներու անդամները: Յանձնաժողովը հարցը ուսումնասիրելէ ետք կը պատրաստուի համապատասխան զեկոյց, որ վերջնական քուէարկութեան կը դրուի խորհրդարանի նիստի ժամանակ:

Պատգամաւորները իրաւունք ունին ինչպէս յանձնաժողովին, այնպէս ալ խորհրդարանի նիստի ժամանակ հանդէս գալ պաշտպանական խօսքով: Անձեռնմխելիութենէն զրկուելու պարագային անոնք կրնան հարցը բողոքարկել Սահմանադրական դատարանի մէջ:

Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածը կ’ենթադրէ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել այն անձերը, որոնք կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը, պետութիւնը, թուրքականութիւնը, երկրի պետական կառոյցները, զինծառայողները եւ իրաւապահները:

Թուրքիոյ Քրէական Օրէնքի  301-րդ յօդուածով դատապարտուած էր նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment