Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Յեղափոխութիւնը Դեռ Չի Նշանակում, որ Այդ Անպայման կը Բերէ Փտածութեան Նուազում. Հոկտանեան

Յեղափոխութիւնը Դեռ Չի Նշանակում, որ Այդ Անպայման կը Բերէ Փտածութեան Նուազում. Հոկտանեան

by MassisPost

Յեղափոխութեամբ իշխանութեան գալը չի նշանակեր, որ յեղափոխութիւնը անպայման կը բերէ փտածութեան մակարդակներու նուազում: Այս մասին, 16 մայիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է «Թրանսփերենսի ինթերնեյշնլ» հակակոռուպցիոն կեդրոնի ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանը՝ աւելցնելով, որ այդ ցոյց կու տայ քանի մը երկրներու փորձը:

Հոկտանեանը նկատած է, որ ինչպէս յեղափոխութիւնը ժողովրդական պահանջ էր, այնպէս ալ փտածութեան յաղթահարումը այդպիսի պահանջ պիտի ըլլայ:

Ըստ Հոկտանեանի, 2008 թուականէն իշխանութիւնը ձուկը գլխէն բռնելու մասին յայտարարութիւններ կ’ընէ, բայց 10 տարուան ընթացքին այդպէս ալ մեծ ձուկեր չբռնեցին. «Յուսանք, որ այս իշխանութիւնների դէպքում քաղաքական կամքը կը բաւէ ոչ միայն օրէնքներ ընդունելուն»:

Հոկտանեանը նշած է, որ օրէնքներու մակարդակով իրավիճակը այնքան ալ վատ չէ, սակայն այդ օրէնքները շատ յաճախ չեն գործեր:

Եթէ կ’ուզես համակարգային փտածութիւնը դուրս գայ, պէտք է վերջ տրուի տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան սերտաճման,    Հոկտանեանը՝ աւելցնելով ըսած է, որ անոր համար պէտք է օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարուին, նաեւ արտահերթ ընտրութիւններ պէտք են:

Հարցին, թէ չկա՞յ վտանգ, որ նոր կառավարութիւնը եւս կը սերտաճի սակաւապետութեան հետ՝ հաշուի առնելով Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի  միջեւ համագործակցութիւնը, Հոկտանեանը ըսաւ, որ այդ վտանգը կայ. «Փաշինեանը պէտք է սկզբունքային եւ կոշտ պայքար մղէ՝ ինչպէս ինքը նշած է»:

անոր խօսքով, նախորդ իշխանութիւններու ժամանակ ալ լաւ օրէնքներ կ’ընդունուէին, բայց գործնականի մէջ անոնք չէին կատարուեր. «Եթէ համակարգը չէ  փոխուած,  նոյնիսկ խոշոր ձկան բռնելով չես վերացնում կոռուպցիան (փտածութիւն)»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment