Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՏՄ-Պարսկաստան Համաձայնագիրին Մէջ Լիարժէքօրէն Հաշուի Առնուած են Հայաստանի Շահերը

ԵՏՄ-Պարսկաստան Համաձայնագիրին Մէջ Լիարժէքօրէն Հաշուի Առնուած են Հայաստանի Շահերը

by MassisPost

Վարչապետ Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ու Պարսկաստանի միջեւ ստորագրուած «Ազատ առեւտուրի գօտիի մասին» համաձայնագիրը կը խթանէ հայ-պարսակական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները:

Վարչապետը ընդգծած է, որ այդ համաձայնագիրի մէջ Հայաստանի շահերը լիարժէքօրէն հաշուի առնուած են եւ աւելցուցած է․ «Յոյս ունենք, որ այդ կ’աշխուժացնի Իրանի հետ մեր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, որովհետեւ հնարաւորութիւններ են ստեղծւում: Յոյս ունենք, որ այդ հնարաւորութիւնները լիարժէք կ’օգտագործենք»:

ԵՏՄ-ի ու Պարսկաստանի միջեւ Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ ստորագրուած՝ «Ազատ առեւտուրի գօտիի մասին» ժամանակաւոր համաձայնագիրի շնորհիւ շարք մը ապրանքներու ներմուծման պարագային նուազած կամ զրոյացած է մաքսային վճարները: Ժամանակաւոր համաձայնագիրի լիազօրութիւնը երեք տարի է, այդ ընթացքին պէտք է նախապատրաստուի լիարժէք համաձայնագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment