Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Մերժած է «Սասնայ Ծռեր»ու Գործով Տասը Ամբաստանեալներու Կալանքը Փոխելու Միջնորդութիւնը

Դատարանը Մերժած է «Սասնայ Ծռեր»ու Գործով Տասը Ամբաստանեալներու Կալանքը Փոխելու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Դատարանը մերժած է «Սասնա ծռեր»ու գործով տասը ամբաստանեալներու՝ Պավել Մանուկեանի, Վարուժան Աւետիսեանի, Մխիթար Աւետիսեանի, Արայիկ Խանդոյեանի, Էտուարտ Գրիգորեանի, Գագիկ Եղիազարեանի, Արմէն Պիլեանի, Սմբատ Բարսեղեանի, Արեգ Կիւրեղեանի, Սեդրակ Նազարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու միջնորդութիւնը։

Դատարանը անոնց նկատմամբ կիրառած է նաեւ դատական վաւերացում՝ առանց թոյլտուութեան դատական նիստը լքելու համար։

Անոնց մեծ մասը կը մեղադրուի ապօրինի զէնք ձեռք բերելու, անոր գործադրմամբ շէնք գրաւելու, գոյք փճացնելու, պատանդ պահելու, անոնց ազատելու պայմանով պետութեան գործողութիւններ հարկադրելու մէջ:

Զինուած խումբի անդամները չեն ընդունիր մեղքը՝ պնդելով, որ ապստամբութիւն ըրած են։

Միւս կողմէ, Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը  գրառում կատարած է Ֆէյսպուքի էջին վրայ՝ խնդրելով «Հիմնադիր խորհրդարանի» նախագահ Գարեգին Չուգասզեանին դադրեցնել հացադուլը:

«Նորից ու նորից հաւաստում եմ՝ մենք ապրում ենք Նոր Հայաստանում, որտեղ քաղաքական պատճառներով բանտում յայտնուած մարդիկ չեն լինելու։ Հարցը, միեւնոյն է, լուծուելու է, եւ որեւէ մէկը դրա համար իր առողջութեանը անդառնալի վնաս հասցնելու կարիքը չունի», – գրած է Միրզոյեանը:

Նշենք, որ Գարեգին Չուգասզեանը արդէն 23-րդ օրն է՝ հացադուլի մէջ է: Ան կը պահանջէ ազատ արձակել, իր բնորոշմամբ, քաղբանտարկեալները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment