Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պոլսահայ Միութեան Հրապարակային Հարցազրոյցը Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակին

Պոլսահայ Միութեան Հրապարակային Հարցազրոյցը Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակին

by MassisPost

«Ազգի Ներկան ու Ապագան» խորագիրը կրող հետաքրքրական հրապարակային հարցազրոյց-ասուլիս մը տեղի ունեցաւ անցեալ Չորեքշաբթի 9 Մայիս, 2018, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ- Ուինեթքա:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հաստատման 100-ամեակին առիթով կայացած սոյն միջոցառումի նախաձեռնարկ պոլսահայ Միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տօքթ. Յովհաննէս Գուլաք-Աւետիքեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց հայ գաղութի տարբեր կազմակերպութիւնները` ներկայացնող ընտրանի հասարակութիւնը: Այնուհետեւ անդրադարձաւ օրուան նիւթին կարեւորութեան եւ հանրութիւնը յուզող հիմնահարցերուն: Ապա մէկ առ մէկ ներկայացուց ասուլիսի մասնակիցները, միաժամանակ տալով անոնց հակիրճ կենսագրութիւնները:

Զրոյց-հաւաքոյթի համակարգիչ Պոլսահայ Միութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 1918 թուականի պատմական իրադարձութեան եւ անոր յաջորդող ներքին եւ արտաքին դժուարութեանց մասին, որոնց գնահատականը տրուած է պատմագիրներու կողմէ:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ  առանձնապէս անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ժողովրդային յեղափոխութեան եւ գնահատեց Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը: Անդրադառնալով Արցախի հարցին ընդգծեց որ ղեկավարութիւնը պէտք է մասնակցի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց հայրենադարձութեան յառաջիկայ գործընթացին, տնտեսութեան աստիճանական վերականգնումին եւ կաշառակերութեան կասեցումին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ ըսաւ թէ Հայաստանի նախկին երեք նախագահներն ալ չի կրցան ժողովուրդը ղեկավարել եւ արժանացան ժողովուրդի վրդովմունքին: Տիրապետող էին ոստիկանական ճնշումները, կաշառակերութիւնը, զրկանքներն ու արտագաղթը: Յիշեց նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը.- «Ես սխալ էի, ինք` Նիկոլը ճիշդ էր»…:

Խորհրդարանական նոր ընտրութիւնները նոր զարթօնք պիտի բերեն Հայաստանին, ինչպէս նաեւ կայունութիւն, բարգաւաճում եւ ապահովութիւն:

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Եթէ առաջին Հանրապետութիւնը չունենայինք, այսօրուան հանրապետութիւնն ալ չէինք ունենար: Չենք գիտեր թէ օտար պետութիւններ ինչ վերաբերմունք պիտի ունենան: ՊԷտք է զգոյշ ըլլանք եւ մեր քայլերն ալ հաւասարակշռուած ըլլան: Սադրանքներէն հեռու պէտք է ըլլանք եւ ազգային ներուժը զօրացնենք: Ագգային շահերը գերիվեր են ամէն շահերէ եւ հարկ է գործել եւ օգնել մեր իտէալներու իրականացման համար:

ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱն (հեռատեսիլային կենդանի (Սքայփ) մասնակցութիւն) Շեշտեց հայրենիք-սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման անհրաժեշտութեան եւ բարելաւման մասին: Մասնաւորաբար ընդգծեց նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայ ազգի ընդհանուր շահերու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԻ խօսեցաւ պոլսահայ գաղութէն ներս ստեղծուած ազգային-հայրենասիրական եւ կրթա-մշակութային մարզերուն մէջ նոր զարթօնքի մը մասին եւ այդ բոլորի նպաստող հեռատեսիլի «Կամուրջ» հաղորդաշարի երեւոյթին շուրջ: Ինք լրագրող մը ըլլալով անդրադարձաւ «Ակսօՙի նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ունեցած մեծ ներդրումին: Շեշտեց նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդային զանգուածներ ղեկավարող Նիկոլ Փաշինեանի արդիւնաշատ գործունէութեան մասին, որ նաեւ լրագրող մըն էր… եւ յարեց «…Ես իբրեւ լրագրող ուրախ եմ յայտնելու որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածները եւ այս գործը գլուխ հանողն ալ` լրագրող մըն էր…»:

Արիս Նալճին իր ուրախութիւնը յայտնեց որ երիտասարդներն այսօր կ’ուզեն մաս կազմել մեր երկրի վերակերտումի գործին: Իսկ Հայաստանն ու հայ ազգը օրինակ պիտի դառնան նաեւ Թուրքիոյ համար: Պոլսահայերն ալ այսօր կ’ըսեն թէ հպարտ են որ հայ են:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment