Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Սահմանը Պիտի Բանանք Առանց Նախապայմաններու. Սալահէլտին Տէմիրթաշ

Հայ-Թրքական Սահմանը Պիտի Բանանք Առանց Նախապայմաններու. Սալահէլտին Տէմիրթաշ

by MassisPost

Անգարայի «Hilton» հիւրանոցի մէջ կայացած է  Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներոու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) ժողովը, որու ընթացքին հրապարակուած է կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը։ Այն կեանքի կը կոչուի, եթէ HDP-ն յաղթէ 24 յունիսին, Թուրքիոյ մէջ կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Վերոնշեալ ծրագիրի հեղինակն է Սելահհաթթին Տէմիրթաշը, որ կը հանդիսանայ HDP-ի կողմէն առաջադրուած նախագահի թեկնածու։ Ան այժմ բանտարկուած է։

Ծրագրի մէջ խօսուած են ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրականացուելիք քայլերու եւ փոփոխութիւններու մասին։

Արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ  հատուածին մէջ կը խօսուի նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հեռանկարի մասին:

«Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող տնտեսական արգելքը (էմբարկո) պիտի վերացուի, տնտեսական ոլորտի մէջ պիտի իրականացուին անհրաժեշտ քայլեր, պիտի զարգացուին քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ կողմէն միակողմանի փակուած հայ-թրքական սահմանը պիտի բանանք առանց նախապայմաններու։ Պիտի աջակցինք Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորմանը միտուած ջանքերուն»,-ըսուած է ծրագրի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment