Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գլխաւոր Դատախազ Արթուր Դաւթեանը Հրաժարական Պիտի Չտայ

Գլխաւոր Դատախազ Արթուր Դաւթեանը Հրաժարական Պիտի Չտայ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը հրաժարական տալու մտադրութիւն չունի։

«Անկախ մարմինների համար դրա համար սահմանուած են անկախութեան երաշխիքներ։ Այդ երաշխիքներից մէկը դրանց կազմաւորման կարգն է։ Հիմա, եթէ գործադիր իշխանութեան փոփոխութեան պարագայում պէտք է անկախ մարմինները հրաժարական տան, ես կարծում եմ, որ մենք այդ երաշխիքները կ’ոտնահարենք», – Ազգային ժողովին «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան յայտարարած է Դաւթեանը։

Յեղափոխութենէն յետոյ ալ գլխաւոր դատախազը համաձայն չէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտի հետ եւ շարունակած է պնդել. «Ես ասել եմ, հիմա էլ ասում եմ՝ չկան քաղբանտարկեալներ»:
Արթուր Դաւթեանը խորհրդարան եկած էր ներկայացնելու Դատախազութեան նախորդ տարուայ գործունէութիւնը։ Ինչո՞ւ եւ որո՞ւ հրահանգով 22 Ապրիլին ձերբակալուեցան ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը եւ պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանը: Պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը ըսած է. «Քաղաքական պրոցես (գործընթաց). իրաւական գործընթաց այստեղ չկայ: Եւ ես Ձեզ կը խնդրեմ, որ ասեք, թէ ո՞վ է Ձեզ ասել, ո՞վ է հրահանգել, որ նշուած պրոցեսը սկսէք»։

«Ձեզ եւ բոլորին վստահեցնում եմ՝ ոչ մի քաղաքական նկատառում չի եղել, պարոն Մարուքեան», ֊ արձագանգած է գլխաւոր դատախազը, – «Եւ ինձ ոչ ոք ոչ մի բան չի յանձնարարել։ Ես իրականացրել եմ մասնագիտական գործունէութիւն»։

Գլխաւոր դատախազը չէ թաքցուցած՝ Փաշինեանը ու միւսները ազատ արձակելու որոշումը արդէն կայացուցած է քաղաքական քննարկումներու, մասնաւորապէս վարչապետի այն ժամանակուայ առաջին տեղակալ Կարէն Կարապետեանի դիրքորոշմանը ծանօթանալու արդիւնքով. – «Շատ անկեղծ Ձեզ ասեմ. այո՛, Ազգային ժողովի մեծամասնութիւն կազմող խմբակցութեան ներկայացուցիչը՝ Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահը, դիրքորոշում է յայտնում, գտնում է, որ այդ միջնորդութիւնը չքննարկուի։ Սա ինձ համար՝ որպէս դատախազի, առնուազն ի՞նչ է նշանակում, որ իմ միջնորդութիւնը մերժուելու է, ճի՞շդ է։ Իսկ եթէ ինձ համար ակնյայտ է, որ իմ միջնորդութիւնը մերժուելու է, իմաստը ո՞րն է այդ միջնորդութեան քննարկման շարունակութեան»։

Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ գլխաւոր դատախազը եւս մէկ անգամ յայտարարած է, յեղափոխութեան առաջնորդները ձերբակալուեցին անօրինական հաւաքներ կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար:

«Բայց ուզում եմ հաստատել, որ այստեղ ապօրինութիւնը ո՛չ երթուղուց շեղուելը, ո՛չ էլ իրազեկման բացակայութիւնն է, այլ թէ դրա իրականացման ընթացքում որքանով անհամաչափ են սահմանափակւում համապատասխան այլոց իրաւունքները եւ հասարակական կարգը»,- աւելցուցած է ան։

Արթուր Դաւթեանը համամիտ չէ այն պնդմանը, որ 22 Ապրիլին Նիկոլ Փաշինեանն ու շարժման միւս առաջնորդները, ոչ թէ ձերբակալուած այլ առեւանգուած են։ «Դա քրէական գործի նիւթերով ձերբակալման գործընթաց էր»,- նշած է ան։

13 Ապրիլէն 3 Մայիսի ինկած ժամանակահատուածի մէջ Հանրապետութեան մէջ իրականացուած զանգուածային միջոցառումներուն վերաբերող 51 քրէական գործեր յարուցուած են: Արթուր Դաւթեանը կը վստահեցնէ, որ պատշաճ վերահսկողութիւն պիտի իրականացնէ, քրէական պատասխանատուութենէն խուսափողներ պիտի չըլլան։

«Ազատութեան» դիտարկման, որ արձանագրուած են դէպքեր, երբ նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները խախտումներ թոյլ տուած են, օրինակ՝ Առաքել Մովսիսեանը, գլխաւոր դատախազը յայտարարած է. – «Իւրաքանչիւր դէպքով տրուելու են գնահատականներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment